2013-05-08 13:04:25

Ուաշինկթըն Կը Փորձէ Արաբական Լիկան Համոզել Իսրայէլը Ճանչնալու Իբրեւ Հրէական Պետութիւն


Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Արաբական լիկայի այն յայտարարութենէն ետք, թէ 1967-ի սահմաններու հիմամբ տարածքներու փոխանակման սկզբունքը կ՛ընդունի, ամերիկեան վարչակարգը աշխատանք կը տանի Արաբական լիկայի անդամները համոզելու, որ հրապարակաւ յայտարարեն, թէ Իսրայէլը կը ճանչնան իբրեւ հրէական պետութիւն:
Ըստ օրաթերթին, ամերիկացիները կը յուսան, որ Արաբական լիկայի հովանին ռազմավարական խորք մը կը ստեղծէ եւ կ՛ամրապնդէ պաղեստինցիներուն ու Իսրայէլի կեցուածքը, եւ այդ ձեւով կարելի պիտի ըլլայ երկու կողմերը համոզել բանակցութիւնները շարունակել երկու պայմաններով` առաջինը 1967-ի սահմանագիծերն ու հողատարածքներու փոխանակումը, իսկ երկրորդը հրէական պետութեան մը ճանաչումը:
«Մաարիւ» չբացառեց, որ այս հարցը արծարծուած ըլլայ Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար եւ պաղեստինցիներու հետ բանակցութեանց պատասխանատու Ցիփի Լիվնիի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հանդիպումին:
Կը նախատեսուի, որ Քերրի երկու շաբաթ ետք տարածաշրջան այցելէ` բանակցութեանց վերսկսման համար նոր առաջարկներ ներկայացնելու:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Հանրօգուտ շինութեանց եւ բնակեցման նախարար Օրի Արիէլի ցուցմունք տուած է բռնագրաւուած Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրերու շինութեանց աշխատանքները սառեցնելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.