2013-05-08 13:04:33

Շուրջ 160 Ընտրատարածքներու Ձայները Վերահաշուելու Դիմում


Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Հերմինէ Յարութիւնեան «Նիուզ.էյ.էմ»-ին հաղորդեց, որ տարածքային ընտրական յանձնախումբերը Երեւանի բոլոր 13 ընտրատարածքներէն դիմումներ ստացած են տեղամասային ընտրական յանձնախումբերուն կողմէ` պահանջելով վերահաշուել աւելի քան 160 ընտրատեղամասերու քուէները:
Ըստ անոր, որոշ դիմումներ ներկայացուած են անձերու կողմէ, որոնք այդ մէկը ընելու օրինական իրաւունք չեն ունեցած: Յարութիւնեան ընդգծեց, որ այս օրերուն վերահաշուարկ տեղի կ՛ունենայ շարք մը ընտրատեղամասերուն մէջ: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի ղեկավարը նշեց, որ քանի մը դիմումներ ստացած են նաեւ այս կամ այն ընտրատեղամասին մէջ ընտրութիւնները անօրինական ճանչնալու պահանջով: Ան աւելցուց, որ ստացուած բոլոր դիմումները կը քննարկուին եւ օրէնքին համապատասխան անոնց ընթացք պիտի տրուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.