2013-05-08 13:31:25

''Հեթանոսներու Գաւիթը'' Իր Առաջին Ժողովը Կը Կատարէ Եւրոպայէն Դուրս Լատին Ամերիկայի Մեքսիքօ Մայրաքաղաքին մէջ


''Հեթանոսներու գաւիթը'' որ սկիզբ առաւ 2011 տարւոյն սկիզբները նախաձեռնութեամբ մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի, առաջին անգամուան համար իր ժողովը կը գումարէ Եւրոպայէն դուրս` Մեքսիքոյի մէջ, ուր հակառակ որ բնակչութեան 87 տոկոսը կաթողիկէ են, սակայն հակակղերականութիւնը ուժեղօրէն ներկայ է։ Հանդիպումին կը շօշափուին հետեւեալ նիւթերը. ''հաւատք-մշակոյթ երկխօսութիւնը'', ''աշխարհականութիւնը եւ վերանցականութիւնը'', ''եկեղեցական գեղարուեստը'', ''մշակոյթ-դաստիարակութիւն կապը''։
Ժողովը կը գլխաւորէ կարտինալ Ռավազին` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի։ Ժողովին նպատակն է գօղազերծել սուտ կրօնասիրութիւնը, ուր բազմաթիւ թմրեցուցիչի վաճառականներ, աւելորդապաշտներ ինքզինքնին քրիստոնեայ կը հռչակեն։ 6-9 մայիսի հանդիպումներուն նախատեսուած է Ունամ համալսարանի մէջ դռնփակ կլոր սեղան մը անհաւատ մտաւորականներու եւ կարտինալ Ռավազիի միջեւ։ Այն ինչ կը հայի լարուած կացութեան քրիստոնեաներու եւ հակաղերականներու միջեւ, շօշափելի իրականութիւն մը Մեքսիքոյի մէջ, կարտինալ Ռավազի կը պաշտպանէ բաժանումի սկզբունքը Եկեղեցւոյ ու պետութեան միջեւ, սակայն ան անմիջապէս կ'ընդգծէ բնական կապը Եկեղեցւոյ ու Ընկերութեան միջեւ։









All the contents on this site are copyrighted ©.