2013-05-08 13:03:03

Հաւաքական Մկրտութիւն Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ


ԱԽԱԼՑԽԱ, «Ախալցխա.նեթ».- 4 Մայիսին Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ անապահով ընտանիքներու երեխաներու, որբերու եւ տարեցներու մկրտութեան Ս. արարողութիւնը: ՎՀՕՄի եւ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպած մկրտութեան արարողութեան ընթացքին մկրտուեցան մօտ երկու տասնեակ երեխաներ: Եղիշէ Ա. քհնյ. Յարութիւնեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ոեւէ մարդ ստանալով Ս. Մկրտութիւն կը դառնայ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդը եւ պարտաւոր է ապրիլ ըստ եկեղեցւոյ պատուիրաններուն:
Մկրտութեան արարողութեան ընթացքին բոլոր մկրտուողներուն բաժնուեցան փոքրիկ խաչեր՝ Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ։
Եկեղեցւոյ Ս. Մկրտութիւնը ստացած երեխաներուն ծնողներուն համաձայն, ՎՀՕՄի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած մկրտութիւնը շատ կարեւոր է եւ ողջունելի, որովհետեւ շատեր տուեալ նախաձեռնութեան շնորհիւ դարձան ճշմարիտ քրիստոնեաներ եւ բազմադարեան հայ եկեղեցւոյ հետեւորդներ:
Մկրտուողներուն ի պատիւ եկեղեցւոյ բակին մէջ Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի սաները պարեցին հայկական ազգագրական պարեր, ապա բոլոր ներկաներուն բաժանուեցաւ մատաղ:
Մատաղը ճաշակելու համար եկեղեցի հրաւիրուած էին նաեւ նախորդ տարի ՎՀՕՄի «Ճաշի օր» ծրագիրին մասնակցած կարիքաւոր տարեցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.