Եւրոպական Ազգային Խորհրդականներու Կոչը Պիելա-Ռուսիայի Հրաժարելու Մահապատիժէն` Եւրոպայի
Միակ Երկրիրն է Որ Տակաւին կը Կիրարկէ Մահապատիժը։
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդականները կոչ ուղղած են Պելա-Ռուսիայի որ վերջ դնէ մահապատիժի
դրութեան։ Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային կազմակերպութիւնը իր կարգին կը յիշեցնէ որ
Պիելա-Ռուսիան Եւրոպայի միակ երկիրն է որ տակաւին կը կիրարկէ մահապատիժի տմարդի դրութիւնը,
մատնանշելով որ 1991էն` անխախութեան տարիէն այսօր` շուրջ 400 բանտարկեալներ մահապատիժի
դատապարտուեցան։ Պետութիւնը ոչ մէկ տեղեկութիւն տուած է դատապարտեալներու մասին։ Անոնց
պարագաները մահապատիժէն ետք տեղեակ կը պահուին առանց յանձնելու անոնց դիակները եւ ոչ
ալ յայտնելու անոնց թաղման վայրը։