2013-05-07 11:59:15

Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարի Ցաւակցական Հեռագիրը Իտալացի Ծերակուտական Ճիուլիօ Անտրեոթթի Մահուան Ի Լուր


Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարի ցաւակցական հեռագիրը իտալացի ծերակուտական Ճիուլիօ Անտրեոթթի մահուան ի լուր։ Հեռագիրը ուղղուած է անոր կնոջ տիկին Լիվիա Տանեզէին։
Ի լուր ձեր սիրեցեալ ծերակուտական Ճիուլիօ Անտրեոթթի վախճանին, երկար ու արդիւնաւոր կեանքէ մը ետք, իմ ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ ձեզի եւ ձեր զաւակներուն այս մեծ կորուստին համար։ Ան եղած է հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը իտալական կեանքին, ճշմարիտ սպասաւորը հաստատութիւններուն, հաւատքի մարդ եւ բարեպաշտ զաւակը կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։ Իմ ջերմ աղօթքը կը բարձրացնեմ Տիրոջ եւ բոլոր անոնց որոնք կ'ողբան անոր կորուստը, որպէսզի Տէրը զանոնք սփոփէ քրիստոնէական յոյսին մէջ։ Կարտինալ Պերթոնէ` Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը։ Նշենք որ Ճիուլիօ Անտրեոթթի, ծնած Հռոմ 14 յունուար 1919-6 մայիս 2013, եղած է քաղաքական մարդ, գրող, լրագրող։ Եղած է ռավիրաններէն մէկը Իտալիոյ քաղաքական կեանքին։ 1991-ին կը դառնայ ցկեանս ծերակուտական։








All the contents on this site are copyrighted ©.