2013-05-07 12:23:47

Իսրայէլ Կը Փորձէ Սուրիոյ Վրայ Յարձակումներուն Պատճառած Զայրոյթը Մեղմացնել


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Մայիս 6ին, իսրայէլացի քաղաքական ու զինուորական պաշտօնատարներ կատարեցին շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց գլխաւոր նպատակն էր զսպել անցած շաբաթավերջին Սուրիոյ վրայ կատարուած երկու յարձակումներուն պատճառած զայրոյթը:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Իսրայէլ ցարդ պաշտօնապէս չէ հաստատած, թէ ինք Դամասկոսի մօտ տեղի ունեցած ռմբակոծումներուն պատասխանատուն է, Իսրայէլի վարչապետի խորհրդականն ու Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ Իսրայէլի սահմանին վրայ իսրայէլեան ուժերու հրամանատարը յայտարարեցին, թէ յարձակումներուն թիրախը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը չէ եւ թէ անոնք ոչ մէկ նպատակ ունին Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ պայքարող ընդդիմադիրներուն նեցուկ կանգնելու: Իսրայէլացիները կը պնդեն, թէ յարձակումներուն թիրախը եղած է լիբանանեան «Հըզպալլա»ին փոխադրուող արդիական հրթիռները:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի դատապատեց յարձակումը՝ ըսելով, թէ ռմբակոծումին թիրախը ռազմական ուսումնասիրութեան կեդրոն մըն էր: Ան ազդարարեց, թէ յարձակումը սեղանին վրայ դրած է «բոլոր կարելիութիւնները»:
Միւս կողմէ, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը դատապարտեց անցեալ շաբաթ Թուրքիա-Սուրիա Աքչաքալէ սահմանային անցքին վրայ սուրիացի գաղթականներու եւ թրքական ապահովական ուժերու միջեւ բախումը:
Անցնող շաբաթավերջին, խումբ մը թուրք քաղաքացիներ եւս թրքական դրօշակներ բարձրացուցած եւ կարգախօսներ բացագանչելով՝ Աքչաքալէ սահմանային անցքին վրայ թուրք ոստիկանի մը կեանքը խլած բախումներուն դէմ բողոքի ցոյց մը կատարած են: Շուրջ 500 թուրքեր քայլարշաւ կատարած են դէպի Սիւլէյմանշահ ճամբար, ուր պատսպարուած են 35 հազար սուրիացի գաղթականներ: Թրքական ոստիկանութիւնը միջամտած եւ ցուցարարները խաղաղ կերպով ցրուած է:
Յիշեցնենք, որ խումբ մը սուրիացի գաղթականներ Հինգշաբթի օր, Աքչաքալէ սահմանային անցքին վրայ բախում ունեցած էին թրքական ապահովական ուժերու հետ, երբ վերջիններս արգելք հանդիսացած էին, որ անոնք սահմանը հատեն: Թուրք ոստիկան մը սպաննուած էր, իսկ երկու այլ ոստիկաններ, հինգ զինուորներ եւ չորս քաղաքայիններ՝ վիրաւորուած:
Թուրքիոյ վարչապետութեան մէջ արտակարգ դրութեանց եւ աղէտի հարցերով վարչութիւնը յայտարարեց, թէ թրքական գաղթակայաններուն մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը 192,800 է՝ նշելով, որ 106,505 սուրիացիներ իրենց երկիրը վերադարձած են:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ այդ գաղթակայանները 8 նահանգներու մէջ տարածուած են. Ալեքսանտրէթի մէջ՝ 5, Ուրֆայի մէջ՝ 2, Այնթապի մէջ՝ 3, իսկ Մարաշի, Օսմանիյէի, Ատիամանի եւ Ատանայի մէջ մէկական գաղթակայաններ հաստատուած են: Նաեւ նշուած է, թէ 28,213 սուրիացի աշակերտներ կ՛ուսանին թրքական 437 դասարաններու մէջ, իսկ գաղթակայաններուն մէջ 3166 ծննդաբերութիւն տեղի ունեցած է:
Մինչ այդ, Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումը փաստուելու պարագային՝ միջազգային համայնքը կրնայ միջամտելու պարտադրուիլ:
Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վստահեցուց, թէ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը կը շարունակեն մնալ կառավարութեան հակակշիռին տակ:
Դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ պիտի ներկայացնէ սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման փաստեր:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք Քերիի այցելութեան մեծ յոյսեր չեն կապեր: Անոնք նաեւ նշեցին, որ Թուրքիա սուրիական հարցին մէջ ուղղակի միջամտութենէն ետդարձ կատարած է, որովհետեւ թուրքերը գիտակցած են, թէ իրենք եւս կրնան Սուրիոյ մէջ արտաքին զինուորական միջամտութեան մը զոհը ըլլալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.