2013-05-07 13:47:32

Երկու Կասկածելիներ Կը Ձերբակալուին Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Դիմաց Կրակելու Յանցանքով


ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ Կետիկփաշա շրջանը գտնուող հայկական Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ արտաքին դրան առջեւ Կիրակի, Մայիս 5ին զինեալ մը, կամ զինեալներ, առնուազն 7 փափմուշտներ կրակած են, առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:
Երկուշաբթի օր, թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը հաղորդեց, թէ երկու կասկածելիներ ձերբակալուած են: Անոնք պնդած են, թէ օդը կրակած են՝ պարզապէս իրենց նոր գնած հրացանները ստուգելու նպատակով: Ըստ թրքական լրատուամիջոցին՝ ձերբակալուածներէն մէկը հայ է: Ձերբակալուածները, որոնց ինքնութիւնը անյայտ կը պահուի, 15 եւ 17 տարեկան են: Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ հետապնդել երրորդ կասկածելի մը, որ դէպքին վայրը գտնուած էր միջադէպին ընթացքին:
Այս մասին, «Մարմարա» իր Մայիս 6ի թիւով կը գրէ. «Կրակոցները յայտնապէս ունէին հայերու նկատմամբ թշնամանքի արտայայտութեան հանգամանք։ Բարեբախտաբար, կրակոցները ոեւէ մէկուն վնաս չպատճառեցին։ Ոստիկանները անմիջապէս փութացին դէպքին վայրը ու սկսան քննարկումներ ընելու: Երէկ (Մայիս 5ին), յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ, լրատու աղբիւրներ, մանաւանդ՝ «Ռատիքալ» թերթը, ապաւինելով Եշիլգիւղի Հայոց վարժարանի հիմնադիր Կարօ Փայլանի կողմէ տրուած տեղեկութիւններուն վրայ՝ հաղորդեցին սոյն լուրը, սակայն՝ սխալ տուեալներով։ Արդարեւ, գրուեցաւ, թէ դէպքը պատահած էր Գումգաբուի պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ դրան առջեւ, մինչդեռ դէպքը պատահած էր Կետիկփաշայի մէջ։ Այս առաւօտեան հեռատեսիլի բոլոր կայանները լայնօրէն տուին այս լուրը՝ ցոյց տալով եկեղեցւոյ վայրն ու ցուցատախտակը, ճշդելով օր մը առաջ կատարուած լրատուութեան սխալը։
«Հիւրրիյէթ» եւս արձագանգ հանդիսացաւ այս լուրին ու փոխանցեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազանի մեկնաբանութիւնը։ Սրբազան հայրը յիշեցուցած է, թէ նախայարձակը կրակոցներ արձակելու ընթացքին պոռացած էր. «Դուք այլեւս շատ եղաք»։ Արամ սրբազան ըսած է, որ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ դրան առջեւ կանգնած պաշտօնեայի մը վրայ յարձակած է անցորդ մը։ «Պատրիարքարանը մտահոգ է այսպիսի պատահարներով եւ տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ տեսակցութիւններ պիտի ունենանք, պիտի ուզենք, որ ապահովութեան առաւել միջոցներ ձեռք առնուին», ըսած է Արամ սրբազան։ Արդարեւ, Արամ սրբազան եւ Կետիկփաշայի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը պիտի այցելէին Ֆաթիհի ապահովութեան տնօրէնութիւնն ու այս մասին տեսակցութիւններ պիտի ունենային։ Թերթերը կը նշեն, թէ Կետիկփաշայի վրայ գործուած յարձակումին նմանները եւս պատահած են ասկէ առաջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.