2013-05-07 12:34:08

Երեւանի Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Տնօրէնը Այցելեց Զմմառու Վանքը


Երկուշաբթի 6 Մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 12:00-ին, Զմմառու վանք
այցելեց Պրն. Հայկազուն Ալվրցեան, Երեւանի Արեւմտահայոց հարցերու
ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Տնօրէն, ընկերակցութեամբ Պէյրութի Սարդարապատ
Ակումբի ներկայացուցիչ անդամներու: Անոնք այցելեցին վանքիս Թանգարանը,
Մատենադարանը: «Անսպասելի էր տեսնել այսքան հայ մշակոյթի գանձեր,
պահպանուած մէկտեղ», ըսաւ Պրն. Ալվրցեան: Կէսօրին ճաշի հիւրերն եղան:








All the contents on this site are copyrighted ©.