2013-05-06 13:57:33

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Երկուշաբթի Օրուայ Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 6 մայիս ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.
Տիար Ուլի Մորեր` նախագահը Զուիցերիոյ դաշնակցային հանրապետութեան եւ անոր շքախումբը։ Ապա Նախագահը տեսակցութիւն ունեցաւ Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարտինալ Պերթոնէի եւ Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ մանպերթիի հետ։ Խօսակցութիւնները մասնաւորապէս կեդրոնացան Զուիցերիոյ պահակագունդի ունեցած դարաւոր վաստակին մասին Վատիկանի մէջ։ Երկու պետութիւններու միջեւ սերտ կապերու ամրապնդումը։ Համագործակցութեան հզօրացումը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու զուիցերական Պետութեան միջեւ։ Հուսկ խօսուեցաւ երկու պետութիւնները հետաքրքրող հարցերու մասին, ինչպէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, երիտասարդութեան կազմաւորումը եւ միջազգային համագործակցութիւնը արդարութեան ի խնդիր։
Ապա Սրբազան Հայրը ընդունեց Իտալիոյ Բիեմոնդէ մարզի եպիսկոպոսները` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս Պետրոսի յաջորդին։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց քահանայապետական զուիցերական պահակագունդը եւ անոնց ընտանեկան պարագաները։
Անոնց ուղղած խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը իր սիրալիր ողջոյնը ուղղեց իւրաքանչիւր զինուորին ու անոնց պարագաներուն, մեծապէս գնահատելով անոնց մատուցած ծառայութիւններուն համար։ Այսօր դուք կը վերակոչէք յիշատակը Զուիցերիոյ պահակագունդի մատուցած զոհողութեան Քահանայապետին պաշտպանութեան համար։ Դուք այսօր չէք կանչուած հերոսական գործողութիւններ կատարելու այլ պարզապէս ծառայելու Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետին։ Այդ կատարելու համար պէտք էք զրահուիլ արիութեամբ, սիրով ու հաւատքով։ Այս տարի ձեր տօնախմբութիւնը կը զուգադիպի Հաւատքի Տարւոյն հետ, որ Եկեղեցին կ'ապրի աշխարհի զանազան վայրերու մէջ։ Ձեր ներկայութիւնը նշան մըն է Աւետարանի զօրութեան ու գեղեցկութեան։ Եկեղեցին բոլոր ժամանակներու մէջ կը հրաւիրէ երիտասարդները հետեւելու Աւետարանին։ Դուք, մաս կազմելով Զուիցերական Պահակակունդի մարմնին, կանչուած էք աւելի մօտէն ճանչնալու Քրիստոսը եւ անոր Աւետարանը։ Քրիստոս ձեզ կը կանչէ իր ետեւէն քալելու եւ դուք պատրաստ պէտք է ըլլաք իր ճշմարիտ վկաները դառնալու։ Մի մոռնաք որ Տէրը ձեզի հետ կը քալէ, ձեզի մօտ է մասնաւորապէս դժուար պահերուն։ Ձեզի սրտանց կը մաղթեմ որ զգաք անոր լուսաւոր ու մխիթարական ներկայութիւնը։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը յանձնեմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեան ու ձեր պաշտպան սուրբերուն եւ սրտանց ձեզի կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.