2013-05-06 11:16:41

Մարի Քրիստին Մօտ Ապագային Մէջ Պիտի Արժանանայ Խորաններու Պատւոյն


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անցեալ 3 մայիսին ընդունելով սուրբերու դատի նախագահ կարտինալ Ամաթոյի մէկ խնդրագիրը ճանչցած ու վաւերացուցած է Իտալիոյ երկու Սիկիլեաներու թագուհի` Մարի Քրիստինի կատարած մէկ հրաշքը։ Այդ հրաշքի ճանաչումով Մարի Քրիստին մօտ ապագային մէջ պիտի արժանանայ խորաններու պատւոյն։
Իտալիոյ Սավուայի Մարի Քրիստին թագուհին, Գալիարի ծնած էր եւ դուստրն է Վիքթոր էմմանուէլ արքային։ 1832ին պսակուած էր Պորպոններու գերդաստանէն ֆերտինան Բ.ի հետ` արքան երկու Սիկիլեաներու։ Մարի Քրիստին շատ բարեպաշտ էր ու պայքար մղած մահապատիժի դէմ։ Ան վախճանեցաւ մինչ ծնունդ կու տար անոր միակ զաւակ ֆրանսուային։ 1859-ին Վատիկանը զինք ճանչցած էր որպէս ''Աստուծոյ աղախին''։ Նշենք որ ՜՜Սավուա՝՝ թագաւորական գերդաստանը արդէն իր շարքերուն մէջ ունի երկու երանելիներ եւ երկու ''Աստուծոյ ծառաներ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.