2013-05-06 12:19:01

Իսրայէլի Կողմէ Նոր Վայրագութիւնը Անյապաղ Պատասխան Պիտի Ստանայ. Պաշշար Ալ Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Մոսկուայի միջոցով պաշտօնական Ուաշինքթընին յղած է նամակ մը, ուր յայտարարած է, որ Իսրայէլի կողմէ նոր վայրագութիւնը անյապաղ պատասխան պիտի ստանայ. այս մասին կը տեղեկացնէ Քուէյթի Al Rai թերթը: Ի դէպ` Սուրիոյ նախագահը Ուաշինքթընէն պատասխան կը սպասէ 24 ժամուան ընթացքին:
Նամակի մէջ նաեւ նշուած, որ եթէ Իսրայէլ կրկնէ թշնամական գործողութիւնները, անիկա կը դիտուի իբրեւ պատերազմի յայտարարում, որուն պատասխանը կը տրուի առանց նախազգուշացման








All the contents on this site are copyrighted ©.