2013-05-06 13:19:34

Զուիցերիական Պահակագունդի Երդման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը։


Զուիցերիական Պահակագունդը, երկուշաբթի 6 մայիսին, սուրբ պատարագով, ոգեկոչեց 1527-ի՝ 6 մայիսին զոհուած՝ Քահանայապետական Զուիցերական պահակազօրքի 147 զինուորները. որոնք իրենց կեանքը տուին պաշտպանելու Կղեմէս Է. քահանայապետը վարձկաններու յարձակումին ընթացքին։
Այս առթիւ նաեւ տեղի կ՝ունենայ նոր Զինուորագրեալներու հանդիսաւոր երդման արարողութիւնը։
Զուիցերիական պահակները Վատիկանի պաշտօնական բանակն են, իբրեւ պապին անձնական պահակներ: Բանակը կազմուած է 1480-ին, Սիքսթոս Դ. երջանկայիշատակ քահանայապետին կողմէ եւ պաշտօնապէս հաստատուած է 1506-ին: Անոնք զուիցերիացի կաթողիկէներ են, բաղկացած` 110 կամաւորներէ, ունին մէկ գնդապետ, երկու տեղակալ գնդապետ, մէկ հազարապետ, մէկ խմբապետ եւ 51 գեղարդաւոր: Անոնց հասակը սկզբունքով 174 սանթիմեթր պէտք է ըլլայ:
Անոնց տարազը վերածննդեան ոճով է, կապոյտ, ոսկեգոյն եւ կարմիր գոյներով եւ կ՛ենթադրուի, որ ձեւագծուած է Միքելանճելոյի կողմէ: Երկրորդ անգամ ձեւագծուած է 1915-ին, գնդապետ Յուլիոս Ռեփոնի կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.