2013-05-05 13:00:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը Եւ Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 5 մայիսի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայաութեամբ , ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, Հաւատքի Տարուայ ծիրէն ներս կազմակերպուած` Եղբայրութիւններու եւ Ժողովրդային Գթութեան Օրերու առթիւ նախագահեց ս. պատարագի արարողութիւնը:
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ներկաները յորդորեց ''դիմելու միշտ Քրիստոսին՝ անսպառ աղբիւր, ու ամրապնդելու իրենց հաւատքը, հոգ տանելով հոգեւոր կազմաւորումին եւ անհատական ու հասարակական աղօթքին։
Վճռական քայլերով ընթացէք դէպի սրբութիւն. մի գոհանաք քրիստոնէական ''գաղջ'' կեանքով այլ ձեր պատկանելիութիւնը թող ըլլայ խթան մը աւելիով սիրելու Յիսուս Քրիստոսը։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց ''առաքելութիւն'' բառին։ Դուք եւս եղէք իսկական ''աւետարանողներ'' ու ձեր ձեռնարկները ըլլան ''կամուրջ'' մը մարդիկը առաջնորդելու Քրիստոսին ու Անոր հետ քալելու։
Ուշադիր եղէք ''ողորմածութեան'' ։ Ամէն քրիստոնեայ եւ ամէն հասարակութիւն ''առաքեալ'' մըն է այն չափով որ կ՛ապրի եւ կը փոխանցէ Աւետարանն ու Աստուծոյ սէրը հանդէպ մարդկութեան, մասնաւորապէս դժուարութեան մէջ ապրողնրուն։ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց հայցելով Տիրոջմէ որ ''մտքերը եւ սրտերը ուղղէ դէպի Իրեն որպէսզի ամէն գործունէութիւն ըլլայ լուսաւոր վկայութիւն մը Անոր ողորմութեան ու Անոր սիրոյն։
Սուրբ Պատարագի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին անդրադարձաւ Աստուածամօր ներկայութեան մասին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։
Ապա ան ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Օրթոտոքս աշխարհի եղբայրներուն որ այսօր (կիրակի 5 մայիսին) կը տօնախմբեն Սուրբ Զատկուայ Յարութեան տօնը։ Սրբազան Քահայապաետը ապա վերյիշեց Պրազիլի մէջ շաբաթ 4 մայիսի երեկոյեան ֆրանչիսքա Տէ Բաուլա Տէ Ճէզու-ի, Երանացման արարողութիւնը, հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Ժողովրդային Գթութեան Եղբայրութիւններու 50 հազար անդամներուն որ Հաւատոյ Տարուայ առթիւ Հռոմ ժամանած են զանազան երկիրներէն, Ան ապա յիշեց ''Մէթեր'' ընկերակցութեան անդամները որոնք կը զբաղին ''բռնութիւններու զոհ մանուկներով''։
''Առիթէն կ՛օգտուիմ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որ բռնութիւններու զոհերուն ապահովելու իմ աղօթքներս ու կը փափաքիմ բոլորիդ կոչ ուղղել յանձնառումով եւ քաջութեամբ համագործակցելու որպէսզի ամէն մարդ արարած, ու մասնաւորապէս մանուկները, պաշպանուի եւ պահպանուի։
Աղօթքի աւարտին ֆրանչիկոս Պապը բոլորին ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.