2013-05-05 11:45:12

Սրբազան Քահանայապետը ''Սանդա Մարիա Մաճճորէ'' Պազիլիքայի Մէջ։


Շաբաթ 4 Մայիսի երեկոյեան ժամը 6-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի ''Սանդա Մարիա Մաճճորէ'' Պազիլիքայի մէջ, Աստուածամօր նուիրուած մայիս ամսուայ առթիւ, նախագահեց` Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը։
Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ խրախուսեց զանոնք յանդգնելու ''կեանքի վերաբերեալ վճռական որոշումներու ձգտիլ'' եւ կեանքի դժուարութիւններուն նայիլ աւելի իրապաշտ նայուածքով։
Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց որ ''Տիրամայրը ինչպէս ամէն Մայր կը մտահոգուի իր զաւակներով։ Ան - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - մեզի կ՛օգնէ աճելու եւ կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ ըլլալու ազատ.... ազատութիւն սակայն չի նշանակեր ''առանց կաշկանդումի կատարել ամէն մեր իղձերը, ստրուկ դառնալով ցանկութիւններուն, մէկ փորաձառութենէն միւսին անցնելով եւ հետեւելով նորոյթներուն''։ Թէեւ այսօրուայ ժամանակաշրջանին մէջ դժուար է որոշումներ առնել - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը - սակայն պէտք չենք վախնալ մեր ''համայն կեանքի կապուած վճռական որոշումներէն''։
Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը սիրալիր խօսք մը ուղղեց նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներուն որ Սանդա Մարիա Մաճճորէի հրապարակէն հետեւած էին աղօթքին։ ֆրանչիսկոս Պապը անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.