2013-05-04 13:20:44

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Շաբաթ Օրուայ Գործունէութիւնը


Այսօր առաւօտ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր մատուցած պատարագին ընթացքին հրաւիրեց ներկաները ըլլալու հեզ եւ խոնարհ, նուաճելու՝ աշխարհի շողոքորթութիւնն ու ատելութիւնը, մատնանշելով որ քրիստոնեաներու ճանապարհը Քրիստոսւի ճանապարհն է. եւ այդ պատճառաւ եթէ հալածուինք պէտք չէ որ վախնանք։ Պատարագին ներկայ էին Զուիցերիոյ պահակագունդի մէկ խումբը։ Անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը իր եւ Եկեղեցւոյ գորովն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց անոնց մատուցած ծառայութիւններուն համար։ Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ . ՜՜Մեր միակ զէնքը՝ խոնարհութիւնն ու հեզութիւնն են, պաշտպանուելու համար աշխարհի ատելութենէն։ Տէրը մեզի կ'ըսէ մի վախնաք աշխարհը ձեզ պիտի ատէ ինչպէս զիս ատեց։ Եկեղեցւոյ արշալոյսէն ասդին քրիստոնեաներու դէմ կը շարունակուի ատելութիւնն ու հալածանքը։ Ներկայ աշխարհի մէջ բազմաթիւ են հալածուող քրիստոնեայ խումբերը, ցաւով դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը։ Աշխարհի իշխանին հետ կարելի չէ երկխօսութիւն հաստատել։ Տէրը կը խնդրէ մեզմէ գառնուկ մնալ, եթէ հեռանանք հովիւէն գայլերու ձեռքը կ'իյնանք։Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց խնդրելով բարեխօսութիւնը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի ան մեզի օգնէ, ապրելու Յիսուսի նման հեզութեան ու խոնարհութեան մէջ։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.
կարտինալ Մարկ Ուելէ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին
Իտալիոյ Մարքէ թեմի եպիսկոպոսները` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն,
Իսկ Յետ միջօրէին երեկոյեան ժամը 6-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հռոմի Տիրամօր աւագ տաճարին մէջ կը գլխաւորէ ՜՜Ս. Վարդարանի՝՝ մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.