2013-05-04 10:25:10

Կիրակի 5 Մայիս Օրթոտոքս Աշխարհը կը Տօնախմբէ Քրիստոսւի Յարութեան Փառաւոր Տօնը։


Հետեւելով Յուլիանոսի օրացոյցին, 5 մայիս 2013, օրթոտոքս աշխարհը կը տօնախմբէ Քրիստոսի փառաւոր յարութիւնը։ Կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու թիւականներու տարբերութիւնը յառաջ կու գայ այն իրողութենէն որ կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիները կը հետեւին գրիգորեան օրացոյցին` հաստատուած Գրիգոր ԺԳ Քահանայապետի կողմէ 1582-ին։ Մինչ յոյն եւ ղպտի օրթոտոքսները կառչած մնացին Յուլիանոսի օրացոյցին, հաստատուած 46-ին Յուլիանոս կայսերի կողմէ։ Նշենք որ Նիկիոյ տիեզերական ժողովը հաստատած է որ Զատիկը պէտք է տօնուի գառնան գիշերահաւասար լիալուսինի յաջորդող կիրակին։ Գրիգորեան օրացոյցը գոյացաւ 16րդ դարուն շտկելու դարաւոր շեղումները Յուլիանոսի օրացոյցին, որ մինչեւ այդ թուականին կիրակումի մէջ էր։ Նոյնիսկ որ բազմաթիւ օրթոտոքս եկեղեցիներ իւրացուցած են Գրիգորեան օրացոյցը, սակայն Զատիկի կիրակին կը տօնուի Յուլիանոսի օրացոյցին համաձայն բացառութիւն կը կազմէ ֆինլանտայի օրթոտոքս եկեղեցին որ կը հետեւի Գրիգորեան օրացոյցին։ Իսկ Ս. Երկրի լատին պատրիարքութիւնը որոշած է 2015էն սկսեալ Քրիստոսի Յարութիւնը տօնել օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.