2013-05-04 10:13:39

''Եղբայրութիւններու Ու Ժողովրդական Բարեպաշտութեան Օրեր''


Հաւատոյ Տարուայ առթիւ 3 - 5 մայիս հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ '' Աշխարհի ճանապարհներու վրայ Հաւատքի վկաներ. եղբայրակցութիւնները ուխտագնացութիւնը Սուրբ Պետրոսի Դամբանին նոր աւետարանացման համար'' վերտառութեամբ Եղբայրութիւններու ու Ժողովրդական բարեպաշտութեան օրերը։
Վերոյիշեալ օրերը սկիզբ առին ուրբաթ 3 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 16-ին Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութեամբ։ Շաբաթ 4 մայիսի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոսի Դամբանին ուխտագնացութիւնը մինչ յետ միջօրէին Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային հանդիպում ու ապա Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Կիրակի 5 մայիսի առաւօտեան Եղբայրութիւններու եւ Ժողովրդային Գթութեան Օրերը կը փակուին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Ողջ լեռ Թագուհի մարեմեան աղօթքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.