2013-05-04 10:27:53

Ամերիկացիները Դէմ Են Սուրիոյ Ներքին Գործերուն Միջամտելուն


Մինչ արեւմուտքը կը քննարկէ Սուրիոյ ընդդիմութեան զէնքով օգնելու տարբերակը, թէժ մարտերը այդ երկրին մէջ կը շարունակուին:
Սուրիոյ ապստամբներու նկատմամբ ԱՄՆ դիրքորոշումը կարծես թէ կը փոխուի: Պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ` բրիտանացի գործընկերոջ հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն չի բացառեր սուրիական ընդդիմութեան զէնք մատակարարելու տարբերակը: Պաշտպանութեան նախարարը, սակայն, ընդգծած է, որ Փենթակոն այդ քայլին պիտի դիմէ այն պարագային, երբ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի առկայութեան մասին ծանրակշիռ փաստեր ստանայ:
Առայժմ սուրիացի ապստամբները Ամերիկայէն կը ստանան ոչ ռազմական օգնութիւն`պարէն եւ դեղորայք: ԱՄՆ քաղաքացիներու շրջանին մէջ իրականացուած հարցումներէն ալ պարզուած է, որ ամերիկացիներուն մեծ մասը դէմ է երկրի միջամտութեան Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին: Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ չի կրնար զէնք մատակարարել սուրիացի ապստամբներուն, քանի որ ատոր կը խանգարէ Եւրոմիութեան հաստատած արգելքը, որ կը լրանայ քանի մը շաբաթէն:
Մինչ արեւմուտքը կը քննարկէ Սուրիոյ ընդդիմութեան զէնքով օգնելու տարբերակը, Սուրիոյ մէջ թէժ մարտերը կը շարունակուին: Տարածաշրջանէն ստացուած վերջին տեղեկութիւններու համաձայն` երկու պայթում որոտացած է Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մէջ: Պայթումներէն ետք դէպքի վայրին մէջ հրդեհ բռնկած է: Զոհերի ու տուժածների մասին առայժմ տուեալներ չկան: Իսկ Պէյտա բնակավայրին մէջ կառավարական ուժերը յարձակած են այնտեղ տեղակայուած ապստամբներու վրայ, որոնցմէ զոհուած է մօտ 100 մարդ, որոնց շարքին` կանայք ու երեխաներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.