2013-05-04 10:38:05

«Օգնիր Եղբօրդ» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Սուրիահայերուն


«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայերուն:
«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբին տրամադրած տուեալներուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ արդէն հաստատուած 35 սուրիահայ ընտանիքներուն բնակարանային հարցերը հոգալու եւ բնակարանաշինական ծրագիրը ամբողջացնելու նպատակով այս շաբաթ 4 միլիոն դրամի փոխանցում կատարուած է «Քաշաթաղ» հիմնադրամին: Յիշեցնենք, որ 2012ի Հոկտեմբերին այդ նպատակով 5 միլիոն դրամի փոխանցում կատարուած էր, նաեւ 4 միլիոն դրամ՝ 5 Մարտ 2013ին:
Նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ նաեւ պարէնային օգնութիւն տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հաստատուած կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն: Այս օրերուն նախաձեռնութեան կողմէ Արցախ հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն տրամադրուած է շուրջ 50 պարէնային ծանրոց:
«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբը երախտագիտութիւն յայտնած է այն բոլոր անհատներուն, գործարարներուն, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որոնք կը շարունակեն իրենց շատ կարեւոր ներդրումը՝ աջակցելով սուրիահայ հայորդիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.