2013-05-04 11:41:38

2013՝ը Հայ Մօր Տարի


Մեր Երկնաւոր Մայրը Մարիամ
Կը գտնուինք Մայիս ամսուան մէջ, որ նուիրուած է մեր Երկնաւոր Մօր Մարիամին, Հայ Մօր Տարուան առթիւ մեր հաղորդաշարը այս առթիւ կը յատկացնենք ՜՜Տիրամօր՝՝
Աստուածամօր բարեխօսութեամբ բազմաթիւ հրաշքներ կատարուած են այսօր կ՝անդրադառնանք ՜՜Քրեմոնացի Իրենէ Կուարներին պատահած հրաշքին՝՝։
Տիրամօր օգնութիւնը հայցենք նոյնիսկ անխուսափելի ողբերգութեան պարագային.
Քրեմոնացի Իրենէ Կուարների գրած է.
՜՜Օր մը զաւակս, իր ինքնաշարժով, մեծ արագութեամբ կը սուրար նեղ ճամբու մը վրայ, երբ յանկարծ անակնկալօրէն երեք տարեկան աղջնակ մը ճամբան կը կտրէ մէկ մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Նոյնիսկ ուժով արգելակ գործածելուն՝ ողբերգութիւնը անխուսափելի էր։ Աստուածամայրը օգնութեան կը կանչէ. կարծես աներեւոյթ ձեռք մը կ՝ազատէ աղջնակը։ Յիրաւի, փոքրիկը անվնաս անցած էր ճամբուն միւս կողմը։ Ետ դառնալով, բոլորովին յուզուած՝ կանդրադառնայ թէ ճամբու եզերքին կայ Աստուածամօր նուիրուած խորաններէն մէկը։ Իր համոզումն է՝ որ դէպքը մի միայն հրաշքի միջամտութեամբ կարելի է բացատրել. ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ԱԶԱՏԱԾ ԷՐ ՓՈՔՐԻԿԸ։
ԱՂՕԹԵՆՔ ՝
Մարիամ, մեր Մայրը եւ փրկչակիցը, բարեխօսէ մեզի համար։
Մարիամ Մայր Աստուծոյ եւ մեր մայրը փրկէ մեզ փորձութիւններէ, ազատէ փորձանքներէ ու հսկէ մեր վրայ այսօր եւ միշտ. ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.