2013-05-03 13:32:22

Վատիկանի Կոչը Քրիստոնեաներուն Եւ Պուտտայականներու Միասնաբար Գործելու Մարդկութեան Ի Խնդիր։


Քրիստոնեաներն ու պուտտայականները պէտք են իրարու միանալ ի յայտ դնելու մարդկային կեանքի դէմ սպառնալիքները, կը գրէ կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի պուտտայականներու ուղղած պատգամին մէջ Վեզախի լոյսի տօնին առթիւ, ընդգծելով անհրաժեշտութիւնը ստեղծելու խաղաղութեան մթնոլորտ մը կրօններու եւ ազգերու միջեւ։
Ձեր կրօնին առաջին պատուիրանն է զգուշանալ կործանելէ կեանքը հետեւաբար այն ինչ որ հրատապ է պուտտայականին համար, նոյն ու նման է քրիստոնեայի մը համար` ստեղծել խաղաղութեան մթնոլորտ մը սիրելու, պաշտպանելու ու պահպանելու մարդկային կեանքը։
Նշենք որ Վեզախ լոյսի տօնկատարութեամբ կը վերակոչուի Պուտտայի կեանքի գլխաւոր հանգրուանները։ Ամէն տարի տօնը կը զուգադիպի տարւոյն վեցերորդ ամսուայ լիալուսինին, ուր տեղի կ'ունենան արարողութիւններ եւ թափօրներ տաճարներու շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.