2013-05-03 13:07:02

«Իսլամական Ծայրայեղական Խմբաւորումներ Քիմիական Զէնք Օգտագործեցին» Կ՛ըսէ Զողպի


Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներ երկրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին քիմիական զէնք օգտագործեցին»` վստահեցնելով, որ «սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնք ունենալու պարագային զայն չի կրնար օգտագործել»:
Ան ըսաւ, որ «քիմիական զէնքի օգտագործումը սուրիական կառավարութեան համար եւս կարմիր գիծ է»` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա համամիտ է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որ իր կարգին քիմիական զէնքի օգտագործումը կարմիր գիծ կը նկատէ»:
Ակնարկելով Ժապհաթ Նուսրա կազմակերպութեան` Զողպի նշեց, որ «մենք անոնց կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման փաստեր ունինք»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ այդ կազմակերպութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին մէջ առած է, «սակայն կազմակերպութեան հետ վարուելակերպը կը հակասէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի սկզբունքին, որովհետեւ աւելի կը ջանայ սուրիական կառավարութիւնը դատապարտել, քան ճշմարտութիւնը յայտնաբերել»:
«Ինչպէ՞ս կրնաս յաւակնիլ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական կազմակերպութեանց դէմ պայքարիլ եւ նոյն ատեն Ժապհաթ Նուսրային զէնքեր կ՛ուղարկես», հարց տուաւ ան:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ճափոնական «Նիքէյ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը ընդդիմադիր զինեալներու դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործած է` աւելցնելով, որ յառաջիկային Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին ինք այդ հարցը պիտի քննարկէ Օպամայի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.