2013-05-02 12:38:53

Մայիս Ամիսը Աստուածամօր Նուիրուած Ամիս Է


Անարատ Յղութիւն
Աստուածամայրը արդէն Գիրք Ծննդոցի նշանաւոր տողերու մէջէն կը յայտնուի մեզի աշխարհիս ստեղծումի արշալոյսին հետ. մաս կը կազմէ մարդուն ըրած Աստուծոյ խոստումին. գլխաւոր դերակատարը կը հանդիսանայ սատանային եւ մարդոց միջեւ եղած պայքարին։
Սատանան պարտութիւն կը կրէ Աստուածամօր Անարատ Յղութեամբ, սակայն սատանան՝ վերջնական պարտութիւն պիտի կրէր ՜՜Անոր Սերունդէն՝՝՝ Յիսուսէն, Գողգոթայի մենամարտութեամբ։
Մարիամ արշալոյսն է մարդկային փրկութեան՝ որ պիտի իրագործուէր Յիսուսի՝ մարդկութեան ճշմարիտ արեգակի կուսական ծնունդով։
Աղօթք։
Ով Րէր, դուն որ մեղքի արատէ ազատ պահեցիր շնորհքներով լի Սուրբ Կոյս Մարիամը, որպէսզի արժանաւոր ՄԱՅՐԸ ըլլար Քու Միածին Արդիիդ, շնորհէ՝ նաեւ մեզի, իր բարեխօսութեամբ հասնիլ Քեզի սրբութեամբ եւ սրտի մաքրութեամբ. մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքներով։ Ամէն։









All the contents on this site are copyrighted ©.