2013-05-02 12:52:20

Մայիս 1-ը Աշխատաւորներու Միջազգային Օր Է։


Հայաստանի եւ շատ մը երկիրներու մէջ ՜՜ոչ աշխատանքային օր՝՝ է։
Մայիս 1-ին կը նշուի աշխատաւորներու միջազգային օրը: 1884-ին ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի մէջ կազմակերպուած են ցոյցեր` ի պաշտպանութիւն ութժամեայ աշխատանքային օրուան:
Խորհրդային Միութեան ստեղծումէն ետք՝ Մայիս 1-ը կը նշուէր իբրեւ մեծ տօն, որուն կ’ուղեկցուէին մեծ շքերթեր: Աշխատաւորներու միջազգային օրը այսօր կը նշուի աշխարհի աւելի քան հարիւր պետութիւններու մէջ: Տօնին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն ընթացքին կը մեծարուին եւ գնահատանքի կ’արժանանան աշխատանքի վեթերանները եւ աշխատաւոր դասակարգի ներկայացուցիչները:








All the contents on this site are copyrighted ©.