2013-05-02 10:58:40

Արտագաղթի Թիւերը Ահաւոր Տարողութեան Հասած Են


Արտագաղթի թիւերը հետզհետէ ահաւոր տարողութիւններու կը հասնին։ Միայն այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն Հայաստանէն արտագաղթած է 35 հազար 500 հոգի։ Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է «Հայաստանի սոցիալ-տնտեսական վիճակը 2013թ. Յունուար-Մարտ ամիսներին» զեկուցումը, ըստ որուն, Հայաստանէն հեռացած է 259 հազար 210 եւ վերադարձած 223 հազար 710 Հայաստանի քաղաքացի:
Նշենք, որ այս տարուան առաջին եռամսեակի ցուցանիշները մօտ 10 հազարով գերազանցած են նախորդ տարուան տուեալները. 2012ի առաջին եռամսեակին Հայաստանէն հեռացած ու երկիր ժամանած Հայաստանի քաղաքացիներու թիւերուն տարբերութիւնը -25 հազար 394 մարդ էր: «Նիուզ» կը գրէ, թէ ասիկա ո՛չ միայն ընկերային–տնտեսական ծանր կացութեան հետեւանք է, այլ նաեւ կեղծուած նախագահական ընտրութիւններուն, որոնց պատճառով քաղաքացիները մեծ յուսախաբութիւն կ՛ապրին։
Կայ նաեւ այլ յատկանշական հանգամանք մը. թէեւ Ապրիլ ամիսը աւարտեցաւ, սակայն Հայաստանի գաղթականութեան պետական ծառայութիւնը չհրապարակեց Հայաստան ժամանած ու անկէ մեկնածներուն թիւը, մինչդեռ նախապէս այդ տուեալները կը հրապարակուէին իւրաքանչիւր ամսուան կիսուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.