2013-05-01 09:52:34

Չինաստանի Եկեղեցին Սուգի Մէջ Է Յիսուսեան Գերապայծառ Ալոզիուս Ժին Լուքսեանի Մահուան Ի Լուր։


Շաբաթ 27 ապրիլ 2013-ին Չինաստանի Շանկայ թեմի օգնական եպիսկոպոս` յիսուսեան գերապայծառ Ալոզիուս Ժին Լուքսեան հոգին աւանդեց։ Ան 96 տարեկան էր։ Հանգուցեալ սրբազանը ծնած էր Շանկայ քաղաքը 20 յունիս 1916-ին։ 1926-ին Ան սկսած էր յաճախել թեմի Յիսուսեան հայրերու ս. Ինքնատիոսի նուիրուած դպրոցը։ 1932ին կ'արձանագրուի Յիսուսեաններու Յիսուսի ս. Սրտի աւագ դպրեվանքը։ 19 մայիս 1945-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։ 1948-1950 կը յաճախէ Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանը ապա Փարիզ կ'անցնի։ 1950ին հայրերնիք կը վերադառնայ իր մեծաւորներու հրահանգով։ 1951-ին ռեկդոր կը նշանակուի թեմի Կզուհու կոչուած տեղական դպրեվանքին։ 1955ին կը ձերբակալուի ու 20 տարուայ բանտարկութեան կը դատապարտուի։ 1982-ին ազատ կ'արձակուի ու անոր կ'արտօնուի Շեշանի դպրեվանքը բանալ։ 1985-ին եպիսկոպոս կ'օծուի ազգային եկեղեցւոյ կողմէ։ 15 տարի ետք Վատիկանը կը վաւերացնէ անոր օծումը եւ զայն կ'անուանէ որպէս օգնական եպիսկոպոս Շանկայ թեմին։
Գերապայծառ Ալոզիուս Ժին Լուքսեան եղաւ Չինաստանի եկեղեցւոյ պատմութեան մեծ անձնաւորութիւններէն մէկը, բազմալեզուանի ու մշակոյթով բարձր։ Իր առաջնորդութեան օրերուն իր թեմը մեծ բարգաւաճում արձանագրած է եւ բարենորոգած իր թեմի հովուական ու առաքելական աշխատանքը, շահելով նաեւ քաղաքական իշխանութիւններու գնահատանքը։
Ան յատուկ ոյժ տուաւ քահանաներու պատրաստութեան ու կազմաւորումին։ Անոր վերջին գործը եղաւ հովուական թուղթը` Չինաստանի ամանորին առթիւ 23 յունուար 2012-ին ''Կզու Կուանգի` ամէն եղանակի մարդ'' վերտառութեամբ ։ Այդ հովուական թուղթով գերապայծառ Լուքսեան կը հրաւիրէ հաւատացեալները շարունակելու ապրիլ Կզու Կուանգին` օրինակի համաձայն որ եղաւ առաջին կաթողիկէն, չինաստանի կայսրութեան աւագանիներէն մէկը, բարեկամը յիսուսեան հայր Մատթէօ Ռիչիի։ Գերապայծառ Լուքսեան իր հովուական առաքելութեան տարիներուն աշխատեցաւ հաւատացեալներու մօտ վառ պահել Քրիստոսի ու եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը, հաւատարիմ մնալով իր երկրին ու մշակոյթին։
Նշենք որ Շանակայ թեմը ներկայիս կը հաշուէ 150 հազար հաւատացեալ, 100 քահանաներ, մնայուն 6 սարկաւագներ, 37 ժողովրդապետութիւններ եւ 140 եկեղեցիներ։ Այդ թեմին մէջ կը գտնուի նշանաւոր Շեշանի մարեմեան սրբավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.