2013-05-01 10:10:07

«Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքի Օգտագործումը Խաղի Օրէնքները Պիտի Փոխէ» Յայտարարեց Օպամա:


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը խաղի օրէնքները պիտի փոխէ, եւ մենք Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործման փաստեր ունինք, սակայն չենք գիտեր, թէ ո՞վ զանոնք օգտագործած է, ո՞ւր եւ ե՞րբ: Մենք յաւելեալ տեղեկութեանց պէտք ունինք գիտնալու համար, թէ ճիշդ ի՛նչ պատահած է, եւ կը ջանանք յաւելեալ շօշափելի փաստերու տիրանալ»:
«Մենք քիմիական զէնքերուն անծանօթ ձեռքերու մէջ իյնալուն շուրջ մտավախութիւններ ունինք, այդ մէկը կրնայ մեր ապահովութիւնն ու մեր դաշնակիցներուն ապահովութիւնը վտանգել», ըսաւ ան` շեշտելով, որ «չենք կրնար Սուրիոյ իրադարձութիւնները դիտել»` աւելցնելով նաեւ, որ «սուրիական ընդդիմութեան ոչ մահաբեր օժանդակութիւններ տրամադրեցինք եւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման կը զօրակցինք»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր հաւաստիութիւնը կորսնցուց եւ իր ժողովուրդը սպաննեց: Կայունութեան ու խաղաղութեան միակ ուղին Ասատի իշխանութենէն հեռացումն է»:
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ քիմիական զէնքի օգտագործման համար Սուրիոյ կառավարութեան ուղղուած ամբաստանութիւնը «թշնամական արշաւի մը մէկ մասն է»` նշելով, որ այդ «ամբաստանութիւնները շրջանառութեան մէջ դրին շարք մը լրատուամիջոցներ ու քաղաքագէտներ` առանց շօշափելի փաստերու վրայ հիմնուելու»:
Ժաաֆարի լրագրողներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ սուրիական կառավարութիւնն էր, որ Խան Ասալի ոճիրին շուրջ հետաքննութիւն պահանջեց, իսկ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա հրահրում կատարեցին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ դատապարտեց «ահաբեկչական ականահարումը, որ Դամասկոսի մէջ Մազզէի մայրուղիին վրայ թիրախ դարձուց Սուրիոյ վարչապետը»` այդ արարքը նկատելով «մահափորձ» մը:
Ան այսպիսի արարքներու պատասխանատուն նկատեց «կարգ մը շրջանային եւ միջազգային կողմեր, որոնք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան եւ քաոսին կ՛աջակցին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.