2013-04-30 14:22:52

Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Մէջ Աղօթք, Հալէպի Մէջ Արեւանգուած Եպիսկոպոսներուն Ու Քահանաներուն Ազատագրման Համար։


Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսան, հրաւիրեց հայ կաթողիկէ հաւատացեալները եւ Եգիպտոսի սուրիացիները, ինչպէս նաեւ բարեկամներ մասնակցելու Ս Պատարագին Կիրակի 28 Ապրիլին երեկոյեան ժամը 6.30-ին Գահիրէի հայ կաթողիկէ Աւետման Տիրամօր նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, ու նաեւ աղօթելու որպէսզի ազատագրուին Հալէպի մէջ արեւանգուած Եպիսկոպոսներն ու Քահանաները։ Արդարեւ 22 Ապրիլին Հալէպի մօտ զինեալներ առեւանգած էին Հալէպի, Ալեքսանտրէթի եւ շրջակայից յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ մետրոպոլիտ Պուլոս Եազիժին եւ Հալէպի ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ մետրոպոլիտ Եուհաննա Իպրահիմը, մինչ անոնք ինքնաշարժով կը մեկնէին ՜՜Սուրիա – Թուրքիա՝՝ սահմանին վրայ գտնուող՝ գիւղէ մը: Իսկ Գերապատիւ Հայր Միքայէլ վրդ. Քայյալ, Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքէն եւ յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ վարդապետ՝ Հայր Մահէր Մահֆուզի հետ, 9 Փետրուարին առեւանգուեցան, Հալէպէն Դամասկոս տանող ճամբու վրայ։ Երկու վարդապետները փոխադրակառքով կը ճամբորդէին...
Աղօթքի այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Եգիպտոսի մէջ Հ Հ դեսպանը՝ Տոքթ. Արմէն Մելքոնեան եւ հիւպատոսը՝ Տիար Վարդգէս Օհաննէսեան։
Ներկայ էին նաեւ՝ Սուրիոյ ու Մալթայի դեսպաններու ներկայացուցիչներ, ու պետական ու կրօնական անձնաւորութիւններ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք արհիապատիւ սրբազանը իր քարոզը կեդրունացուց ՜՜Բարի Հովիւի՝՝ վրայ, ու կոչ ուղղեց որպէսզի արեւանգուած եկեղեցականները՝ հոգեւոր հովիւները, ազատ արձակուին ու դառնան իրենց առաքելութեան ու իրենց հօտին։

Սրբազանը՝ Գրիգոր եպիսկոպոս Գուսան, երախտագիտութեամբ յիշեց երկու եպիսկոպոսները որոնք 2004-ի մայիս 9-ին, մասնակցած էին իր իսկ եպիսկոպոսական օծման արարողութեան, նաեւ անդրադարձաւ իրենց բարի ընդունելութեան Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին այցելութեան առթիւ։ Աղօթենք-ըսաւ սրբազանը- որ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը վերահաստքտուի կը սպասենք հաւատքով ու մեծ յոյսով։
Պատարագի աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ վառած մոմեր որպէսզի զետեղեն Խաղաղութեան Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ։









All the contents on this site are copyrighted ©.