2013-04-29 11:54:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Երկուշաբթի Օրուայ Գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի 29 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Զէնոն Կրոքոլէվսքին ու ապա ժամը 12-ին ունկնդրութիւն շնորհեց գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչին` Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի քարտուղար, ու անոր ընկերացող նորօծ երեք եպիսկոպոսներուն, որոնք անցեալ 27 ապրիլին եպիսկոպոսական օծում ստացած էին Կարտինալ Պերթոնէի ձեռքով։ Եպիսկոպոսներուն կ՛ընկերանային անոնց ընտանեկան պարագաները։ Երեք եպիսկոպոսներն են Գերապայծառ Էթթորէ Պալէսդրէրօ ` Գոլոմպիայի մօտ առաքելական նուիրակ, գերապածառ Միքայել Պանախ Նոր Կինէի առաքելական նուիրակ եւ գերապայծառ Պրայան Ուտայկուէ Պէնինի առաքելական նուիրակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.