Հռոմի մէջ, կիրակի 28 աապրիլին, մինչ Իտալիոյ նախագահական պալատին մէջ իտալական նոր կառավարութեան
երդման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենար, Իտալիոյ խորհրդարանի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ
հրացանաձգութիւն մը որուն հետեւանքով երկու ոստիկաններ վիրաւորուեցան: Իտալիոյ նոր ներքին
գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ յայտնեց, որ դէպքը կը թուի անջատ դէպք մը ըլլալ` ոստիկաններուն
յայտնելով իր մօտիկութիւնը։ Երկու ոստիկաններ եւ անցորդ մը վիրաւորած հրացանաձգութենէն
ետք շուրջ 40 տարեկան անգործ տղամարդ մը ձերբակալուեցաւ: Հռոմի քաղաքապետ Ճիաննի Ալէմանօ
յայտնեց, որ դէպքը ահաբեկչական արարք մը կարելի չէ նկատել: