2013-04-28 10:51:20

Զմմառու Վանքի Վարչութիւնն ու Ժառանգաւորները Մասնակցեցան Ապրիլեան Նահատակներու 98-րդ Տարելիցին Ձեռնարկներուն։


Ապրիլեան Նահատակներու 98-րդ Տարելիցին զանազան ձեռնարկներուն մասնակցեցան Զմմառու Վանքի Վարչութիւնն ու Ժառանգաւորները։
Կիրակի 21 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8-ին՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Հսկումին, կազմակերպութեամբ՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնի եւ ՀԿՀՄ-ի:
Երեքշաբթի 23 Ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Անթիլիաս մայրավանքի Հսկումին, կազմակերպուած՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական Յանձնախումբի կողմէ: Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ՝ Հայրապետական Սուրբ և Անմահ Պատարագին, զոր մատոյց Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, որուն սպասաւորեցին Զմմառու Դպրեվանքի աշակերտները:
Օրուան պատգամախօսն էր Զմմառու միաբան Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեան: Ան հերոսական համարեց դժոխային ցեղասպանութենէ ճողոպրած հայութեան փիւնիկի հրաշանման ազգային վերականգնումը և եզրափակեց. «Այսօր, անգամ մը եւս հաւաքուած ենք յիշեցնելու աշխարհին թէ հայութիւնը կը շարունակէ իր դատին պաշտպանութեան
հոլովոյթը միացած քայլերով, ինչպէս նաեւ երթը դէպի 100-ամեակ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.