2013-04-28 13:08:07

Դրոշմի Խորհուրդի Մատակարարման Սուրբ Պատարագի Առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քարոզը։


''Երիտասարդներ` ձգտեցէք բարձր իտէալներուն''

Կիրակի 28 ապրիլի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ մատուցած Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին սկիզբը, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. ''Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Սիրելի դրոշմուողներ, բարի եկաք։ ''
Սրբազան Քահանայապետը ապա ներկայացուց խորհրդածութեան երեք նիւթեր քաղուած` սուրբ գրային ընթերցումներէն։ Առաջինը կ՛ակնարկէ Սուրբ Հոգիի ներգործութեան մասին որ մեր կեանքը կը վերանորոգէ։Աստուծոյ մեզի պարգեւած նորութիւնը աշխարհիկ նորութիւններուն չի նմանիր որ անցողական են - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ''Աստուծոյ մեր կեանքէն ներս ներմուծած նորութիւնը ''վերջնական'' է։'' Սուրբ Հոգին մեզ կը վերանորոգէ ու մեր միջոցաւ կ՛ուզէ բարեփոխել աշխարհը որուն մէջ կ՛ապրինք։ Բանանք մեր դռները Սուրբ Հոգիին առջեւ ու թոյլ տանք որ Ան առաջնորդէ մեզ ու մեզ դարձնէ նորոգուած այրեր ու կիներ, տոգորուած Աստուծոյ սիրով որ Սուրբ Հոգին մեզի կը պարգեւէ։

Երկրորդ նիւթը կը հայի քրիստոնէական կեանքի ուղեւորութեան որ ''դիւրին չէ''։ Տիրոջ հետեւելու ճանապարհը լի է խոչընդոտներով...Սակայն դժուարութիւները եւ խոչընդոտները մաս կը կազմեն այն ճանապարհին որ մեզ կ՛առաջնորդէ Աստուծոյ փառքին։ Պէտք ենք վհատիլ որովհետեւ մեր մէջ ունինք սուրբ հոգիին զօրութիւնը յաղթահարելու համար դժուարութիւնները։

Իսկ վերջին կէտը եղաւ հրաւէր մը դրոշմուածներուն եւ դրոշմի խորհուրդը այսօր ընդունողներուն ու բոլորին։ ''Հաստատ եղէք հաւատքի ճանապարհի վրայ, հաստատ վստահութիւն ունենալով Տիրոջ մէջ։ Այս է ահա ճանապարհորդութեան գաղտնիքը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շարունակեց- ''Ան մեզի քաջութիւն կը պարգեւէ հակառակ ուղղութեամբ ընթանալու։ Մտիկ ըրէք երիտասարդներ` հակառակ ուղղութեամբ ընթանալը, քաջառողջ է սրտին համար, սակայն հարկ է որ քաջութիւնը ունենանք այս ընելու եւ Ինքն է որ մեզի կու տայ այս քաջութիւնը։ Պէտք չենք վախնալ եթէ միացած մնանք Աստուծոյ, եթէ չկորսնցնենք Անոր հետ մեր բարեկամութիւնը ու եթէ մեր կեանքէն ներս միշտ տեղ ապահովենք Անոր։ Աստուած բարեգութ է եւ երբ իրեն դիմենք Ան մեզ կը ներէ։
Ձգտեցէք բարձր իտէալներուն, որպէս քրիստոնեաներ չենք ընտրուած Տիրոջմէ մանր բաներու համար - կոչ ըրաւ Սրբազան հայրը ու ապա քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով բոլորը բանալու կեանքի դռները Աստուծոյ նորութիւններուն զոր Սուրբ Հոգին կը պարգեւէ, որպէսզի ''վերանորգէ եւ մեզ զօրացնէ ու Տիրոջ հետ մեր միութիւնը ամրապնդէ։ Այս է իսկական ուրախութիւնը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.