Այսօր շաբաթ 27 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Սուրբ
Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն կը գլխաւորէ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան
արարողութիւնը որուն ընթացքին եպիսկոպոսական օծում կը ստանան` գերապայծառ Էդդորէ Պալէսդրէրօ,
գերապայծառ Միքայել Պանախ եւ գերապայծառ Պրայեան Ուտակուէ։