2013-04-27 14:56:51

Սէրուժ Պաղտասարեանի «Պահապան Հրեշտակ» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէսը


Լիբանանահայ երիտասարդ եւ երաժշտական արտադրիչ ու յօրինող Սէրուժ Պաղտասարեան ուրբաթ, 26 ապրիլի երեկոյեան «Սիթի մոլ»-ի «Վըրճըն մեկասթոր»-ին մէջ ստորագրեց իր երրորդ ձայնասկաւառակը, որ կը կրէ «Պահապան հրեշտակ» խորագիրը: Երաժշտասէրներու ներկայութեամբ ան մակագրեց իր ձայնասկաւառակները, ընդունեց շնորհաւորութիւններ եւ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելով անդրադարձաւ իր նոր ձայնասկաւառակին: Ձայնասկաւառակը բաղկացած է 14 երգերէ եւ երաժշտութիւններէ, որոնց մէկ մասին երաժշտութիւնը կը պատկանի Սէրուժ Պաղտասարեանին, իսկ միւս մասը հին հայկական երաժշտական կտորներ են, որոնք վերամշակուած եւ վերագործիքաւորուած են անոր կողմէ: Ձայնասկաւառակին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Իվոն Այվազեանը, Շաքէ եւ Նայիրա Պաղտասարեանները, որոնք երգեր մեկնաբանած են, կը մասնակցին նաեւ՝ նուագողներ. Յորդանանէն` Զէյ Տիրանի, Լիբանանէն՝ Ռաէտ Ապու Քամալ, որ նայ կը նուագէ (նայը արաբական գործիք մըն է որ կը նմանի շուիին) նաեւ Մազեն Ապու Սալհա` ուտ նուագող, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն նուագողներ ու երգիչներ, որոնցմէ է Լեւոն Թաւանեանը: Սէրուժ Պաղտասարեանին համար շատ կարեւոր եւ հիմնական է, որ հայկականը միշտ տիրական ըլլայ իր երաժշտութիւններուն եւ երգերուն մէջ, ան նախանձախնդիր է, որ հինը արդիականացնելով հայկական արժէքները մատչելի դարձնէ նոր սերունդներուն: Մէկ խօսքով` երիտասարդ երաժիշտը երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն լաւատեղեակ ըլլալով` կը փորձէ հինին եւ նորին միջեւ կամուրջ մը ստեղծել, որպէսզի անոնց միջեւ բախումին պատճառով արժէքները չկորսուին եւ անոնց պահպանումը շարունակուի:
Յատկանշական է ձայնասկաւառակին կողքը, ուր քանի մը տարբեր պատկերներ եւ պատգամներ կը միանան իրարու: Կայ Երեւանը` մեր գեղեցիկ մայրաքաղաքը, Արարատը` մեր պապենական հողերուն խորհրդանիշ վեհութիւնը, հրեշտակը` քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած հայութեան խորհրդանիշը, որուն ականջին դրուած են լսողական գործիքներ (հետֆոն), որպէսզի անիկա կարենայ ունկնդրել Ս. Պաղտասարեանի երաժշտութիւնը: Ձայնասկաւառակը կարեւոր է իբրեւ ստեղծագործութիւններու ամփոփում եւ արխիւ, որուն ընդմէջէն հեղինակին գործերը մատչելի կը դառնան երաժշտասէր հանրութեան` Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս: Ձայնասկաւառակի հովանաւորն է ԳՈՀԱՐ-ը: «Eternity» եւ «GenoTrancide» ձայնասկաւառակներէն ետք «Պահապան հրեշտակ»¬ը կու գայ հարստացնելու երիտասարդ երաժիշտին արուեստի կենսագրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.