2013-04-27 11:10:05

Մոսկուայի Մօտ Հոգեբուժութեան Կեդրոնի Մը Մէջ Հրդեհ Մը Բազմաթիւ Զոհեր Կը Պատճառէ


Մոսկուայի մօտ գտնուող գիւղի մը մէջ գտնուող հոգեբուժութեան կեդրոնի մը մէջ հրդեհ մը 38 զոհ պատճառեց: Միայն երեք վերապրողներ արձանագրուեցան: Հրդեհը ծագեցաւ տեղական ժամանակացոյցով ժամը 02:00-էն ետք, երբ զոհերուն մեծամասնութիւնը քնացած էր:
Հետաքննիչներ հաղորդեցին, որ ահազանգը հնչած է, սակայն հիւանդապահուհի մը թանձր ծուխին պատճառով միայն երկու հիւանդ կրցած է փրկել: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, հիւանդ մը, որ ծխելու արգելքը անտեսած է, կրնայ հրդեհին պատճառ դարձած ըլլալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.