2013-04-27 11:54:30

Հաւատոյ Տարուայ Առթիւ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդը կը նշէ ''Կեանքի Աւետարանի'' Օր Մը ։


''Հաւատալով Կեանք Կ՛ունենաք''

Յառաջիկայ 15 եւ 16 Յունիսին Վերաւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենայ ''կեանքի աւետարանի'' նուիրուած միջազգային օր մը որուն խորագիրն է ''հաւատալով կեանք կ՛ունենաք''։
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ 15 եւ 16 յունիսին հաւատացեալներուն կարելիութիւն տալով Սրբազան Հօր հետ միասին հաւաքուելու, ու միասնաբար վկայելու` կեանքի նուիրական արժէքի մասին. տարեցներու կեանքը, մահամերձներու կեանքը, ծնանելիք մանուկներու կեանքը ու բոլոր անոնք որոնք ֆիզիքական եւ մտային տառապանքներ ունին ու կ՝ապրին դժուարութեան մէջ։

Մեր յոյսն է - յայտարարած է գերապայծառ ֆիզիքելլան - Նոր աւետարանութեան խորհուրդի նախագահը, որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներու բազմութիւնը աշխարհին ցոյց տայ Յիսուսի փրկարար առաքելութեան իմաստը ''Ես եկայ որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան` եւ առատութեամբ ունենան''։ (Յովհ 10-10)








All the contents on this site are copyrighted ©.