2013-04-27 11:10:27

Եւրախորհրդարանի Պատգամաւորը Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Արցախի Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Եւրամիութիւն–Հայաստան բարեկամական նորաստեղծ խումբի նախագահ Էլենի Թէօխարուսը Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է 20 անգամ։ «Սովորաբար մարդիկ որեւէ երկրի նկատմամբ յատուկ զգացում կը տածեն՝ նշելով մայրենի կամ հայրենի հող։ Ինծի համար Լեռնային Ղարաբաղը երեխայ է՝ փոքրիկ երեխայ, որուն կ՛ուզեմ հոգ տանիլ եւ անոր հետ լաւապէս վերաբերիլ», «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Թէօխարուսը։
Էլենի Թէօխարուս Լեռնային Ղարաբաղի պատուաւոր քաղաքացի է։ Անոր 19րդ այցելութիւնը նախորդ տարուան ամրան էր, երբ Արցախի նախագահի ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն ստանձնած էր։ «Ես ուրախ էի, որ իմ գործընկերներուս հետ մասնակցեցայ այդ գործընթացին։ Կարելի է ըսել, որ ժողովրդավարութիւնը իսկապէս կը ծաղկի այնտեղ։ Ասիկա բաւական տպաւորիչ գործընթաց էր, ես հիացած եմ Արցախի ժողովուրդով՝ ո՛չ միայն անոր համար, որ անոնք կը պայքարին իրենց անկախութեան համար, այլ նաեւ այն պատճառով, որ կրցան ստեղծել ծաղկող ժողովրդավարութիւն իրենց երկրին մէջ», յայտնած է ան։
Է. Թէօխարուս շեշտը դրած է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին վրայ՝ նկատել տալով, որ բոլորը պէտք է յարգեն այդ իրաւունքը եւ հաշուի նստին անոր հետ։ «Անոնց հիմնարար ազատութիւնն ու իրաւունքն է ինքնորոշումը. անհրաժեշտ է հանրաքուէ կատարել եւ ճշդել, թէ անոնք ի՛նչ կը գերադասեն՝ անկա՞խ ըլլալ, միաւորուի՞լ Հայաստանի հետ։ Կամքը պէտք է յարգուի», դիտել տուած է ան։
Եւրամիութիւն–Հայաստան բարեկամական նորաստեղծ խումբի անդամները՝ բարեկամական խումբի նախագահ Էլենի Թէօխարուսի գլխաւորութեամբ, այցելած են Երեւան եւ 24 Ապրիլին յարգանքի տուրք մատուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ 25 Ապրիլին անոնք հանդիպում ունեցած են Հայաստանի նախագահին հետ, իսկ 26 Ապրիլին մեկնած են Լեռնային Ղարաբաղ։








All the contents on this site are copyrighted ©.