2013-04-27 14:53:12

2013-ը՝ Հայ Մօր Տարի


Հռչակուած Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ.
Արդի մայրը եւ իր զաւակները...
Արդի մայրը իր զաւակներուն կեանքի մէջ ունենալիք յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը չի կապեր վիճակացոյցներու արդիւնքներուն։ Այլ՝ ան կը նայի անոնց որպէս մարդ, որպէս նկարագիր ու որպէս անհատականութիւն։ Մանաւանդ՝ ան խտրութիւն չի դներ իր փայլուն եւ միջակ կարողութեամբ եւ կամ նոյնիսկ՝ ուսման մէջ տկար զաւակներուն միջեւ. եւ պէտք չէ ալ դնէ ...
Անշուշտ երբ զաւակը փայլուն միտքով , հաճելի արտաքինով , կամ ընկերային ձիրքերով օժտուած է, բնական է որ ան իր մօր ՜՜ԵՍ՝՝ը շոյէ ու հետեւաբար ստանայ անոր ամբողջական սէրն ու քաջալերանքը։
Միջակ կարողութեան տէր եւ տկար զաւակներ միեւնոյն գուրգուրանքին չեն արժանանար, անոնք յաճախ կ՝անտեսուին, երբեմն ալ կը ճզմուին։ Այդ մերժումը, յատկապէս մօր կողմէ, կ՝ունենայ իր ժխտական անդրադարձը զաւակին հոգեկան աշխարհին վրայ եւ կ՝արտայայտուի յաճախակի ըմբոստացումներով, չարութիւններով, հեղինակութիւններու դէմ (ըլլան անոնք ծնողք կամ ուսուցիչ) ընդվզումով, ու հակօրինական ընթացքով։
Ասոր համար, մայրը, յատկապէս արդի մայրը, շատ զգո՜ յշ պէտք է ըլլայ զաւակներու հանդէպ ցուցաբերած իր վերաբերումին մէջ. պէտք է ընդունի զանոնք իրենց առաւելութիւններով եւ թերիներով. ու երբեք պէտք չէ յարձակի անոնց տկար եւ զգայուն կէտերուն վրայ. երբեք պէտք չէ վիրաւորէ զանոնք, կամ ամչցնէ... այլ՝ պէտք է քաջալերէ։
Այս քաջալերանքը եւս՝ խոհեմութեամբ պէտք է կատարէ, որպէսզի անոնց մէջ չարթննայ ինքնահաւանութիւնը կամ չափազանցուած ինքնավստահութիւնն ու հպարտութիւնը...
Ասոնք ալ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կրնան ունենալ. ինչպէս՝ անտեսել ուրիշը, վտանգել կամ նեղացնել մերձաւորը կամ տկարը...








All the contents on this site are copyrighted ©.