2013-04-26 14:24:21

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քարոզը Վատիկանի Պաշտօնեաներուն։


՜՜Հաւատքը համակերպում մը չէ, այլ՝ ճշմարտութեան ուղեւորութիւն մը, ի պատրաստութիւն Աստուծոյ հրաշալի դէմքը տեսնելու՝՝ այսպէս ըսաւ ֆրանչիսկոս սրբազան Քահանայապետը այս առաւօտ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած՝ սուրբ պատարագի ընթացքին, ներկայութեամբ՜ Վատիկանի խումբ մը պաշտօնեաներուն
Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց աշակերտներուն ուղղուած Յիսուսի այս խօսքը. ՜՜ թող չխռովին ձեր սրտերը՚ Յիսուսի այս արտասանած բառերը (ըսաւ Սրբազան Հայրը) շատ գեղեցիկ եւ իմաստալից են, ան կը խօսի իր աշակերտներուն որպէս բարեկամ եւ ունի հովիւի վարուելակերպ ՜՜ թող չի խռովին ձեր սրտերը հաւատք ունեցէք Աստուծոյ եւ իմ վրաս՝՝ որովհետեւ (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) Յիսուս միշտ հաւատարիմ է։
Սրբազան քահանայապետը ապա ակնարկեց Յիսուսի այս խօսքին ''կ՝երթամ ձեզի տեղ պատրաստելու եւ այդ տեղը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աւետեաց երկիրը՝՝ մենք ( աւելցուց սրբազան հայրը) ուղղուած ենք դէպի այդ երկիրը...
Կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին, ընդգծեց Սրբազան Հայրը, Տէրը մեր սրտերը կը պատրաստէ դժուարութիւններով , մխիթարանքով եւ բարի գործերով։ Պատրաստուիլ՝ դէպի երկինք ուղեւորութիւնը, (եզրափակեց քահանայապետը) կը նշանակէ վերադարձ՝ դէպի հայրենիք։








All the contents on this site are copyrighted ©.