2013-04-26 12:10:07

Քնեսեթը Քննարկած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը


Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 23 ապրիլին Իսրայէլի Քնեսեթի լիագումար նիստի ընթացքին քննարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Նիստին կը մասնակցէին Իսրայէլի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ:
Քննարկումի աւարտին, լիագումար նիստը որոշած է քննարկումը շարունակել խորհրդարանական յանձնախումբերէն մէկուն մէջ, որ հաւանաբար պիտի ըլլայ կրթական կամ մշակութային հարցերու յանձնախումբը: Իսրայէլի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ժորժեթ Աւագեան տեղեկացուցած է, որ Քնեսեթի լիագումար նիստին մասնակցած հայկական պատուիրակութիւնը բաղկացած էր 15 անդամներէ, ներառեալ` Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի ներկայացուցիչ Արիս արք. Շիրմանեան:
Քննարկման ընթացքին Մերեց կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Զահաւա Քալոն յայտարարած է, որ Իսրայէլ պէտք է հետեւի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած 27 այլ երկիրներու օրինակին` աւելցնելով, թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով նոր սկսած բանակցութիւնները ո՛չ մէկ ձեւով պէտք է արգելք հանդիսանան ցեղասպանութեան ճանաչման:
Իսրայէլի իշխող դաշինքէն երեսփոխան Ռուվեն Ռիվլին իր կարգին շեշտած է, որ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ Իսրայէլի դաշնակիցը, սակայն այդ իրողութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով պէտք է արդարացնէ այլ ժողովուրդի մը դժբախտութիւններուն անտեսումը: «Իբրեւ ուրացման արհաւիրքէն տուժած ժողովուրդ մը` ինծի համար անբացատրելի կը մնայ Հայոց ցեղասպանութեան անտեսումը», ըսած է ան








All the contents on this site are copyrighted ©.