2013-04-26 12:10:54

Տիտիէ Ռանսին Կը Շնորհուի 2013-ի Կաթողիկէ Գրականութեան Մեծ Մրցանակը։


ֆրանսայի 2013-ի կաթողիկէ գրականութեան Մեծ Մրցանակը շնորհուեցաւ Տիտիէ Ռանսին ''Ճոն Պրատբորն` Աստուծոյ թափարականը'' գիրքին համար։ Հատորը կենսագրութիւնն է Ճոն Պրատբորնին, որ եղած է անգլիացի բանաստեղծ ու երաժշտագէտ։ Հեղինակը կը պատմէ Ճոն Պրատբորնին զարմանալի հոգեւոր արկածախնդրութիւնը։ Տիտիէ Ռանս հատորին շարադրութեան համար Եւրոպա եւ Ափրիկէ հետազօտութիւններ կատարած է ու բազմաթիւ տեսակցութիւններ ունեցած` անոնց հետ որոնք անձամբ շփում ունեցած էին Ճոն Պրատբորնին հետ, հանրութեան ճանչցնելու մարդկութեամբ ու սրբութեամբ լի 20-րդ դարու ամենէն հմայիչ ու քաշողական անձնաւորութիւնը։ Ճոն Պրատբորն ծնած էր Անգլիա 1921 թուականին, դուստրը անգլիգան հոգեւորականին։ Եկրորդ համաշխարհային պատերազմին աւարտին կաթողիկէ կը դառնայ վանքէ վանք պտտելով։ Կը դառնայ Աստուծոյ թափարականը, Քրիստոսւի սիրահարը, երգիչը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին ու աշխարհական սանուհին սուրբ ֆրանչիսկոսի։ Տիտիէ Ռանս մասնագիտութեամբ պատմաբան, մնայուն սարկաւագ, եղած է կամասւոր ''Տառապող Եկեղեցի'' միջազգային կազմակերպութեան մէջ, օգնութեան հասնելով երրորդ աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն։ Ան հեղինակ է աւելի քան 20 հատորներու, գրելով մասնաւորապէս մեր ժամանակի մարտիրոսներու մասին։Կաթողիկէ գրականութեան Մեծ Մրցանակը հիմնուած է 1964-ին եւ ամէն տարի կը պսակէ ֆրանսախօս դեղինակ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.