2013-04-26 12:09:30

Հաւատքն ու գործը


Հաւատքն ու գործը զուգահեռաբար կ՛ընթանան մեր կեանքին մէջ, եւ այս իրողութիւնը յստակօրէն ի յայտ կու գայ Նոր Կտակարանի էջէրուն մէջ: Գաղատացիներուն թուղթին մէջ Սուրբ Պօղոս կ՛ըսէ. «Միայն կ՛արժէ հաւատքը, որ կը գործէ սիրով»:
Յիսուս այս իրողութեան՝ նմանութեամբ մը կը պատասխանէ: Այդ նմանութիւնը՝ Մանանեխի հատիկն է: Մանանեխի հատիկ մը, որ կրնայ լեռները փոխադրել:
Մէկը հարց կու տայ. «Ինչո՞ւ այս անհամեմատութիւնը լերան եւ մանանեխի հատիկին միջեւ... : Լե՞ռն է, որ կը ճզմէ մանանեխի հատիկը, թէ հատի՞կն է, որ կը բարձրացնէ լեռը:
Փորձենց մեկնաբանել այս հաւատքին հարցը, հասկնալու համար գաղտնիքը եւ բանալին, որ կը կայանայ այս կէտին մէջ:
Հաւատքը կրնայ ամէն ինչ գործել մեր մէջ, միայն այն ատեն երբ մենք մեզ ընդունինք որպէս ոչնչութիւն: Ան կը գործէ զօրութեամբ, երբ ճանչնանք մեր անզօրութիւնը եւ սահմանափակ կարողութիւնը: Այլ խօսքով՝ չհիմնուիլ մեր անձնական ուժերուն վրայ: Շինելու, կազմելու, մեր կեանքի պարագաները եւ հարցերը լուծել, մէկդի դնելով Աստուած: Այս ամբողջը հաւատք չէ: Ոչ մէկ բան կրնայ կրնայ յարատեւել ու տոկալ աշխարհի վրայ, եթէ Աստուած զայն չկերտէ եւ անոր հիմքը չհաստատէ: Եթէ Աստուած չկարուցանէ տունը, պարապ տեղ գործաւորները կը յոգնին: Եթէ Աստուած չպաշտպանէ քաղաքը, պահակները պարապ տեղ զայն կը պաշտպանէն: Սաղմոսերգուին վկայութիւններն են:
Հաւատալ կը նշանակէ ընդունիլ մեր անկարողութիւնը եւ գործել զայն զօրացնելու եւ ամուր ժայռի վրայ հաստատելու. Յիսուսի ժայռին վրայ հաստատելու:
Հաւատքը դաւանութիւն մը չէ, եւ ոչ ալ համոզում, այլ կեանք է: Աստուծոյ ներկայութիւնն է մեր գոյութեան մէջ: Եւ այս աւելի պզտիկ է եւ աննշմար քան մանանեխի հատիկը: Սակայն, այնքան զօրաւոր է եւ հուժկու, որ կ՛ոգեւորէ մեր ամբողջ ընթացքը եւ կը տեղափոխէ մեր կեանքին ծառը, որ զայն կը յառաջացնէ, ինչպէս Պետրոս առաքեալ ջուրերու վրայ՝ ի յեճուկս տարակոյսի, չարիքի, մեղքի ու մահուան ալիքներու:
Հաւատքը մեր յուսադրիչ յանձնումին մէջն է Աստուծոյ կամքին, գիտնալով, որ ինքը միայն կրնայ լուսաւորել, կենդանացնել, հաշտեցնել, վերակազմել եւ փրկել ամէն ինչ: Աստուած ոչինչով կրնայ ամէն ինչ ընել: «Կ՛ըլլանք ամենակարող», երբ կը դառնանք «ամէնաոչինչ»:
Ահա, ինչ որ կը զարմացնէ մեր հպարտութիւնը եւ կը շփոթեցնէ մեր խելքը: Եթէ մեր հպարտութիւնն ընդունի մտնել եւ մեր տրամաբանութիւնը մխրճուի հաւատքի արկածախնդրութեան մէջ, այն ատեն կը կատարուի հրաշքը: Շղթաները կը ջախջախուին ու լեռները կ՛ընկղմին: Կղպանքները կը ճայթին եւ մեր ներքին զնտանները կը բացուին, դժուարութիւնները կը հարթուին մեր շուրջ եւ մեր մէջ: Եւ կը տեսնենք նաեւ թէ Աստուծոյ շնորհքը կրնայ ամէն ինչ ոգեւորել, գետեր ու աղբիւրներ վերածել կենդանի ջուրի, որ իրեն հետ տանի բոլոր ամբարտակները, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ մեր Տէրը. «Ամէն ինչ հնար է անոր համար, որ կը հաւատայ» (Մտթ. 9, 23) :








All the contents on this site are copyrighted ©.