Զուիցերացի Նոր Պահակներու Հաւատարմութեան Երդման Արարողութիւնը Վատիկանի Մէջ. Մայիս
6-ին։
Քահանայապետական 35 նոր զօրակոչեր հաւատարմութեան իրենց երդումը պիտի կատարեն Վատիկանի
առաքելական պալատի Սան Տամազօ կոչուած բակին մէջ ներկայութեամբ՝ գերապայծառ Բեչուի` տեղապահը
պետական քարտուղարութեան։ Երդման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուի Դաշնակցային Զուիցերիոյ
նախագահը տիար` Մոէրի։ 35 նոր զուիցերացի պահակներու 28-ն՝ գերմաներէն լեզւով երդման
կարգը պիտի կատարեն, 6-ը` ֆրանսերէնով իսկ մէկը` իտալերէնով։