2013-04-26 14:03:11

Գերմանիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին Կը Յուսայ Որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Դաշնակցային Գերմանիան Այցելէ


Յունիս ամսոյն սկիզբը ազգային Ս. Հաղորդութեան համագումարին առթիւ։ Գերմանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը պաշտօնապէս հրաւէր ուղղած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, գլխաւորելու համար Ս. Հաղորդութեան ազգային ժողովը որ տեղի պիտի ունենայ յունիսին սկիզբը, յայտարարած է կարտինալ Մէյսներ Քէօլնի մայր տաճարին մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին։ Կարտինալը մատնանշած է որ Քահանայապետը ժխտական պատասխան չէ տուած իր մասնակցութեան կարելիութեան առնչութեամբ ։ Գոլոնիա թեմին մէջ յունիս 5-9 կատարուելիք հաւատքի այս մեծ տօնին, նուիրուած՝ Ս. Հաղորդութեան ազգային ժողովին, կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 60 հազար հաւատացեալներու։ Կարտինալ Մէյսներին համար հաւատացեալները մեծ համակրանք ունին ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հանդէպ, նշելով որ Քահանայապետը սերտօրէն կապուած է Ս. Հաղորդութեան։ Սիքստեան մատրան մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին, իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յայտարարեց որ Ս. Հաղորդութիւնը իրեն համար միակ պատճառն է որու համար ընդունեց ծառայել Ս. Պետրոսի Աթոռին։









All the contents on this site are copyrighted ©.