2013-04-25 13:35:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հինգշաբթի Օրուայ Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 25 ապրիլ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեցաւ.
Կարտինալ Գոգոբալմերօ` նախագահը օրէնսդրական բնագրերու,
Լատինամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք խորհուրդի նախագահութեան անդամները,
Բուենոս Այրեսի Սեֆարտի համայնքի ռաբունապետ Իսհակ Սագգա։
Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Գարտինալ ֆրանգ Ռոտէ` երբեմնի կառավարիչը նուիրեալ կեանքի ու առաքելական կեանքի ընկերութիւններուն։
Իսկ առաւօտուն, Սրբազան Քահանայապետը մատուցած պատարագին ընթացքին մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը ըսաւ. քրիստոնեան թող ըլլայ համեստ՝ առանց վախնալու մեծ գործեր կատարելէ։ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի քարտուղարութեան անդամները եւ Վատիկանի ոստիկանութիւնը։ Խորհրդածութեան նիւթը ներշնչուած էր օրուայ աւետարանէն որ կը խօսի Տիրոջ Համաբարձման մասին։ Յիսուս նախքան համաբարձումը, աշակերտներուն հրահանգ կու տայ քարոզելու Աւետարարանը աշխարհի չորս ծագերուն։










All the contents on this site are copyrighted ©.