2013-04-25 13:07:32

Ապրիլեան Նահատակաց 98-րդ Տարելիցի Նշում Ատրպատականի Հայոց Թեմին Մէջ։


Չորեքշաբթի 24 Ապրիլին, Ատրպատականի Հայոց Թեմի հայաշատ երկու քաղաքներուն մէջ՝ Թաւրիզ եւ Ուրմիա մատուցուեցան Ս. եւ Անմահ պատարագներ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան Հոգեհանգստեան Պաշտօններ ու ծաղկեմատոյց, Նահատակաց յիշատակին կանգնեցուած զոյգ Յուշարձաններու առաջ:
Թաւրիզի Լիլաւա թաղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց, քարոզեց ու ապա Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց՝ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան: Իսկ Ուրմիայի մէջ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց շրջանի ծխատէր՝ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեան: Հաւատացեալներու բազմութիւնը կանուխ ժամերէն լեցուցած էր եկեղեցիները եւ անոնց շրջափակերը, աղօթքով, մոմավառութեամբ եւ Ս. Պատարագին մասնակցութեամբ իր յարգանքի տուրքը ընծայելու մեր անմեղ նահատակներուն:
«Հայր Մեր»էն առաջ, Թեմակալ Առաջնորդը փոխանցեց իր պատգամը, հայ ժողովուրդի տառապանքի կարմիր ճանապարհը ներկայացնելով պատմութեան ընթացքին, որ ուղղակի շարունակութիւնը եղաւ Քրիստոսի ապրած Գողգոթայի՝ խաչի ճանապարհին։ Ս. Պատարագէն ետք, Թեմակալ Առաջնորդին գլխաւորութեամբ թափօրը յառաջացաւ դէպի նահատակաց յուշարձան, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա «Արարատ» Կազմակերպութեան Սկաւուտական Խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած Երդման Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։
Ապա, Թեմակալ Առաջնորդը իր մօտ հրաւիրեց 1938 թուականէն ի վեր թաւրիզաբնակ պաքւեցի ծերունի Հայրապետ Պուտաղեանը, որ անցնող 75 տարիներու ընթացքին առանց բացառութեան ներկայ գտնուած էր Ապրիլեան Նահատակաց ոգեկոչման արարողութիւններուն Ատրպատականի մէջ: Առաջնորդը գնահատեց ծերունին եւ հրաւիրեց բոլոր հայերը նմանելու անոր... Սորվի՛նք մեր մեծերէն, ու չմոռնանք մեր նահատակները», ըսաւ Հայր Սուրբը: Հոգեհանգստեան արարողութեան ու ոգեկոչման պահուան աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդը ընթերցեց Հայ Եկեղեցւոյ զոյգ Հայրապետներու՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ու Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ստորագրւած կոչը՝ Մեծ Եղեռնի 98-րդ տարելիցին նուիրուած: Եկեղեցիներու Խնամակալ Մարմնի պատրաստութեամբ ներկայ բոլոր ժողովուրդը այնուհետեւ ծաղկեմատոյց կատարեց, խոնարհելով անմեղ նահատակաց անմեռ յիշատակին առջեւ:
Ուրմիայի մէջ, նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5-ին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած Ապրիլեան Նահատակաց Յուշարձանի առջեւ կատարուեցաւ ծաղկեմատոյց, եւ ապա «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ՝ ոգեկոչման ձեռնարկ: Սոյն յայտագրի ընթացքին, Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեան ընթերցեց զոյգ Վեհափառ Հայրապետներու ստորագրած կոչը, ուղղուած համայն հայ ժողովուրդին:








All the contents on this site are copyrighted ©.