2013-04-24 08:48:46

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Բաժնեկից է Սուրիացիներու Տառապանքին


Յայտարարած է գերերջանիկ Ինքնատիոս Եունան պատրիարքը ասորի կաթողիկէներու ։

Ասորի կաթողիկէներու պատրիարքը` գերերջանիկ Ինքնատիոս Եունան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ունեցած՝ հանդիպումէն անմիջապէս ետք, մամուլին յայտարարած է որ Սրբազան Քահանայապետը կը բաժնէ սուրիացիներու կրած ցաւը եւ պատրաստ է` անոնց օգնելու աղօթքով ու միջամտութիւններ կատարելով այլ ազգերու մօտ ։ Պատրիարքը յայտնեց որ Սրբազան Հօր հետ ունեցած հանդիպումը անցաւ եղբայրական մթնոլորտին մէջ, ան ուշադրութեամբ անսաց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ապրած դժուար պայմաններու մասին։ Պատրիարքին գնահատումով Քահանայապետը պիտի ջանայ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնել որպէսզի տառապող երկիրները ապրին խաղաղութեամբ ու արդարութեամբ։ Պատրիարք Եունան մամուլին միջոցաւ կրկին կոչ ուղղեց ՜՜ օգնութեան հասնելու Սուրիոյ տագնապին լուծումին՝՝, ոչ թէ զէնքով , այլ՝ կլոր սեղանի հաշտութեան միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.