2013-04-24 08:13:37

Սուրբ Պետրոսի Գահը Չի Կրնար Փոխել Յիսուսեան Միաբանի Զգացումները.
Կը գրէ Պրն. Սարգիս Նաճարեան...


Ի լուր հայ ժողովուրդի իր բնօրրանէն տեղահանութեան, բռնագաղթին, չարչարանքներուն ու գողգոթային, 28 Յուլիս 1915-ին միջազգային ընտանիքին ու անոր յաճախ նենգաբարոյ ղեկավարներուն ուղղած իր ցնցիչ կոչերէն մէկուն մէջ՝ Բենեդիկտոս ԺԵ. երջանկայիշատակ Քահանայապետը ըսած է.- «Ազգերը չե՛ն մեռնիր։ Հարստահարուած եւ ստրկացուած՝ թէեւ կը տանին իրենց պարտադրուած լուծը, բայց ատիկա իրենց մէջ կը պատրաստէ փոխ-վրէժը»։
Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Քահանայապետի յաջորդի՝ Ֆրանչիսկոս Պապին գահակալութեան մեծաշուք արարողութեան մասնակից 132 օտար պատուիրակութիւններու եւ 31 Պետութեանց ղեկավարներու շարքին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցչին եւ ասոնց գլխաւորած պատուիրակութիւններուն Վատիկան ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Սբ. Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմահարիւր հազարաւոր ժողովուրդին վերեւ ծածանող բազմաթիւ երկիրներու դրօշակներու շարքին ծփացող հայկական եռագոյնը հանդիսացան Բենեդիկտոս ԺԵ.ի կողմէ շուրջ դար մը առաջ կատարուած պատմական հաւաստիացումին ճշմարտացիութեան Վատիկանի երկնամերձ գմբեթներէն հնչող արձագանգը։
Երեքշաբթի, 19 Մարտ 2013-ին, շուրջ դար մը առաջ ցեղասպանուած ժողովուրդի նախագահին եւ հոգեւոր պետերուն ներկայութիւնը Վատիկան՝ աշխարհի ղեկավարներու կողքին, հայկական եռագոյնին ծածանումը Վատիկանի երկնակամարին ներքեւ, Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջեւ տեղի ունեցած շնորհաւորական ջերմ ձեռքսեղմումը, որ սոսկ փրոթոքոլային պարտադրանքով կատարուած ձեւակերպութիւն մը չէր, այլ կ՛արտայայտէր քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունող աշխարհի առաջին ժողովուրդին ուրախութիւնը՝ ի լուր հայ ժողովուրդի մէկ բարեկամին Սբ. Պետրոսի Աթոռին 266-րդ գահակալ ընտրութեան՝ հանդիսացան ապացոյցը մոռացութեան եւ ժամանակին վրայ թրքական պետութեան կողմէ դրուած գրաւի պարտութեան եւ հարստահարուած ու ստրկացուած Ազգի փոխ-վրէժին։ Փոխ-վրէժ մը՝ առանց արիւնահեղութեան, այլ տեղահանուած ու կոտորուած Ազգի փառաւոր յարութեամբ, վերածնունդով, աշխարհասփիւռ կառոյցներով, անկախ պետականութեամբ, արձանագրած նուաճումներով ու յաղթանակներով եւ իր պահանջատիրութեամբ միջազգային բեմին վրայ բարձրաճակատ ծառացումով ցեղասպան տէրութեան ժառանգորդներուն դիմաց։
Յիսուսեանները ծանօթ են որպէս Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Խաղաղութեան առաքեալներ։ Անոնք ՃՇՄԱՐԻՏ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ պաշտպանութեան բանակը եւ ՃՇՄԱՐԻՏ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻ (ամենազգի) հարազատ տիպարն են։
Հայ ժողովուրդի գողգոթային վկայ յիսուսեանները իրենց շարքերուն մէջ ընդգրկած են Հայր Փասքալ Ծուլիկեանին, Հայր Յովհաննէս Մսըրլեանին Հայր Սահակ Քէշիշեանին, Հայր Յարութիւն Ճապուրեանին նման բազմաթիւ նուիրեալ ու մտաւորական միաբաններ։ Յիսուսեան Միաբանութեան երբեմնի Ընդհանուր Մեծաւորը՝ հոլանտացի Հայր Փիթըր Հանց Քոլֆենպախ եղած է ոչ միայն հայախօս, այլ հայագէտ, գրաբարագէտ, հայ ծէսին ու մշակոյթին քաջածանօթ, մատուցած է հայածէս պատարագ։ Աւելի քան 15.000 անդամ հաշուող այս միաբանութիւնը ստեղծած էր Mission d՚Armenie-ն, որուն նպատակն էր օգնել հայ տարագիր սերունդներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եւ որուն իրենց ուսումնառութիւնն ու հայեցի դաստիարակութիւնը կը պարտին օսմանեան եաթաղանէն ճողոպրած մնացորդացի զաւակներ յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ուր հայկական վարժարաններ հիմնած էր ան։ Լիբանանի ափերը «նետուած» տարագիր հայութեան առաջին սերունդը եւ անոր ժառանգորդները երախտագիտութեամբ միայն կրնան յիշել Հայր Անթուան Փուատըպարին անունը. ֆրանսացի յիսուսեան այս առաքեալը 1922-ին Լիբանան ղրկուած էր զբաղելու համար հայ գաղթականներով. ան ծառայեց յատկապէս Պուրճ Համուտի, Հաճընի, Խալիլ Պատաուիի եւ Աշրաֆիէի մէջ ստեղծուած հայկական «քէմբ»երուն մէջ, ջանալով հնարաւորին չափ թեթեւցնել գաղթականաց տառապանքը եւ ապագայի հանդէպ յոյս եւ հաւատք ներշնչել անոնց։ Չմոռնանք նաեւ՝ Հայր Գոկոն, ծայր աստիճան խոնարհ, բայց գիտնական այս յիսուսեան վարդապետը որ երգեհոնով Եկմալեան Պատարագը եւ հայկական շարականները կ՚ուսուցանէր Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի նախկին սաներուն։
Կարդինալ Խորխէ Պերկոլիոյ արժանթինցի է, Հայոց Ցեղասպանութիւնը առաջինը ճանչցած երկիրներէն մէկուն քաղաքացին։ Պապ ընտրուելէն առաջ, ան եղած է Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոսը եւ այս հանգամանքով ալ սերտ շփման մէջ եղած է Լատին Ամերիկայի հայկական շրջանակներուն, մասնաւորաբար Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն հետ։ Ծանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան 91-րդ տարելիցին առիթով անոր կատարած կոչը Թուրքիոյ՝ ճանչնալու օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ համայն մարդկութեան դէմ գործուած ծանրագոյն ոճրագործութիւնը։ Կարդինալ Պերկոլիոյ, որ այժմ ոչ միայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գերագոյն պետն է, այլ Վատիկան պետութեան ղեկավարը, տարբեր առիթներով ալ իր արդարամտութեան ապացոյցը տուած է դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր համակրանքը յայտնելով հայ ժողովուրդին։ Քաղաքավարութեան կամ ձեւակերպութեան համար չէ որ Հայ Եկեղեցւոյ պետերը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին յղած իրենց շնորհաւորագրերուն մէջ երախտագիտական զգացումներով ողջունեցին անոր ընտրութիւնը։ Նշանակալից է նաեւ որ նորընտրեալ Քահանայապետը ընդունեց Հինգշաբթի 21 Մարտին առանձնակի հանդիպում մը ունենալ Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Վարդան Եպ. Պօղոսեանին հետ՝ որ Արժանթինի հայ համայնքին երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր՝ համայնքին հանդէպ ցուցաբերած սրտակցութեան ու հոգատարութեան համար։ Հանդիպումի աւարտին իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով արժանթինահայութեան, Քահանայապետը՝ իրեն յատուկ խոնարհութեամբ յիշեց Պուէնոս Այրէսի Տիրամայր Նարեկի Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Փապլօ Հաքիմեանը։ Ահա այսպիսին եղաւ Կարդինալ Պերկոլիոյ, Յիսուսեան միաբանը՝ հայ ժողովուրդին համար։ Վստահ ենք որ Սբ. Պետրոսի Գահը չէ որ պիտի փոխէ յիսուսեան առաքեալին համոզումները եւ զգացումները, որքան ալ անոր զբաղեցուցած պաշտօնը Իրեն յաճախ թելադրեն զգուշաւորութիւն իր ելոյթներուն մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին։ Այս ակնկալութիւնները Անոր յուշելու պարտականութիւնը ունին նախ հայ հոգեւոր պետերը, ապա նաեւ հայկական դիւանագիտութիւնը, մանաւանդ որ հիմա Հայաստան ունի իր լիազօր դեսպանը Վատիկանի մօտ, եւ վերջապէս աշխարհասփիւռ հայկական մամուլն ու լրատուամիջոցները







All the contents on this site are copyrighted ©.