2013-04-24 08:10:12

Ս. Հռիփսիմեանց Վարժարանի Աշակերտներու Այցելութիւնը Պէյրութի «Ազդակ»ի Խմբագրատուն։


Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները` ընկերակցութեամբ վարժարանի երկրորդական դասարաններու տեսուչ Կարպիս Գապասաքալեանի, Երկուշաբթի 22 Ապրիլին, այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն: Զանոնք ընդունեց խմբագրական կազմի անդամ Արշօ Պալեան, որ ծանօթացուց անոնց ամէնօրեայ դրութեամբ կատարուող օրաթերթին աշխատանքներուն, լրագրողներուն առօրեային, անձնակազմին գործերուն, ինչպէս նաեւ նորաբաց «Ժիրայր Պուտագեան»-ի անուան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին: Այս առթիւ ԺԲ. դասարանի աշակերտները ընդունուեցան «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի կողմէ: Ան ընդգծեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մերօրեայ կեանքին մէջ եւ շեշտեց, որ «Ազդակ»-ի դռները միշտ բաց են անոնց համար: Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտներուն ներկայութիւնը զուգադիպեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի «Ազդակ»-ի խմբագրատուն կատարած այցելութեան: Դեսպանը իր կարգին ողջունեց աշակերտները եւ խորհուրդ տուաւ իրենց բարձրագոյն ուսման պարագային մասնագիտանալու այնպիսի ճիւղերու մէջ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի հայութեան ծառայութեան: Դեսպան Քոչարեան նաեւ առաջարկեց աշակերտներուն` մտածելու իրենց համալսարանական ուսումը Հայաստանի մէջ շարունակելու կարելիութեան մասին: Հանդիպումէն ետք աշակերտները իրենց այցելութիւնը աւարտեցին ծանօթանալով նաեւ «Ազդակ»-ի տպարանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.